Ձեռարուեստի Յանձնախումբի Մղիչ Ուժերէն` Ռիթա Պոսնոյեանի Յիշատակին
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Աշխատանոց ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբը կը սգայ իր վաստակաւոր անդամներէն եւ երկարամեայ ատենապետուհի Ռիթա Պոսնոյեանի մահը, որ սպասելի ըլլալով հանդերձ, անըմբռնելի էր` իր բացակայութեան պատճառով: Հիմա ալ կարծէք ամբողջապէս չենք ըմբռներ իր կորուստին ծանրութիւնը:
Երկար տարիներու փորձառութեամբ հարստացած Ռիթան, մեր յանձնախումբին մնայուն մղիչ ուժն էր, որուն շուրջ կարելի չէր անգործ մնալ, մասնակից չդառնալ, իր ներդրումը չբերել կատարուող գործին:
Իր հանդարտ, բայց հեղինակաւոր բնաւորութեամբ, բացառիկ լաւատեսութեամբ, հարցերուն լուծում բերող, ծանօթութիւններու լայն ցանցով, իր շրջապատին հետ մեղմաբարոյ եւ նուրբ յարաբերութեամբ, իր ընկերուհիներուն արժէքն ու ճիգերը առաւելագոյնս գնահատելով, իր ճիգերը միացնելով անոնց ճիգերուն` աշխատանոցին շուրջ ստեղծած էր վստահութեան եւ ապահովութեան մթնոլորտ մը: Ձեռարուեստին գեղեցիկն ու գունաւորը, ասեղնագործութեան նրբութիւնն ու ներդաշնակութիւնը արժեւորելով` գործած էր մնայուն կերպով փոխուող յանձնախումբերուն հետ, անվերապահ եւ հաւատաւոր ներդրումին` բոլորին սրտերը ու արժանանալով բոլորին հիացմունքին: Այս բոլորին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէին Ռիթային ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը. ներկայութիւնը` երբ մեզի հետ էր, սակայն իր բացակայութեան եւս ան ներկայ կը մնար:
Գրեթէ մէկ տարիէ աւելի է, որ ան բացակայ էր, հեռու մեզմէ եւ իր սիրած աշխատանոցէն, իր հաւատացուցած կազմակերպութենէն` ԼՕԽ-էն, բայց մնայուն կապի մէջ էր բոլորին հետ, իր մէջ ընդ մէջ այցելութիւններով, հեռաձայններով, խրատներով, քաջալերանքներով, դասաւորումներով եւ հեռակայ կարգադրութիւններով:
Տարեկան ցուցահանդէսներուն հովանաւոր էր պէտք, Ռիթան «կարելիութիւններու» շարան մը ունէր, եւ ո՞վ կը դիմանար իր համոզիչ ձայնով «աղջիկս» «տղաս» արտայայտութիւններուն. եւ շուտով կը յայտնուէր գործին հաւատացող նախագահողը: Ռիթան կը ցանկար աւելին, կը ձգտէր լաւագոյնին, կը ցանկար մեծնալ, տարածուիլ, կ՛ուզէր հայկական ասեղնագործութիւնը սորվեցնել նոր սերունդին. «Երթանք մեր դպրոցները» «մեր կեդրոնին մէջ կազմակերպենք դասընթացքներ», միշտ բան մը աւելի ձգտումը զինք հանգիստ չէր ձգեր:
Անգիր գիտէր աշխատանոցի ծննդոցին ու զարգացման հոլովոյթին պատմութիւնը, իր ռատիոհաղորդումներու ժամանակ այնպիսի շեշտով մը կը խօսէր, որ մենք` իրեն հետ եղողներս իսկ, բանով մը աւելի կը հաւատայինք մեր գործին:
Այսպէս, օրէ օր մեզմէ կը բաժնուին մեր յանձնախումբին հաւատաւոր ընկերուհիները: Բայց մեր հեռացող ընկերուհիներուն կրնանք վստահեցնել, որ մեր ջանքերով մենք կը հետապնդենք եւ կ՛իրականացնենք իրենց երազները:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի Ռիթա:
ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

