Վկայութիւն Ռիթա Պոսնոյեանին Մասին

Ռիթային նկարագիրը կը յատկանշուէր իր կամքով եւ կորովով` նորանոր ծրագիրներ մշակելու եւ յաջողութեամբ զանոնք ամբողջացնելու:

Իւրաքանչիւր իրագործումի արդիւնքին ստեղծած անսահման գոհունակութիւնը կը մղէր զինք նոր ծրագիրներ յղանալու: Այսպէս գործեց Ռիթան ԼՕԽ-ի մէջ 58 տարիներ շարունակ:

«Մայրս 18 տարեկանիս ԼՕԽ-ին անդամագրեց զիս, եւ ես շարունակեցի գործել իր ուղիով, 1954-էն ի վեր»: Ռիթան մօրը թելադրած այս ուղին փոխանցեց իր զաւակներուն եւ թոռներուն:

Ռիթան տարիներ շարունակ գործեց որպէս ԼՕԽ-ի անդամուհի, Հայաշէնի եւ Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղերու վարչութիւնները ղեկավարեց, ապա Շրջանային վարչութիւններու մէջ գործելէ ետք, 26 տարիներ յաջորդաբար իր գործունէութիւնը հասցուց իր լրումին` ստանձնելով Ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբին ատենապետութիւնը:

ԼՕԽ-ի աշխատանքի նորանոր նուաճումները, իրագործումները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած դժուարութիւններու մարտահրաւէրները իրը կը համարէր եւ համակ գոհունակութիւն կ՛ապրէր ու լուծումներ կ՛որոնէր եւ կը տնօրինէր:

Ձեռարուեստի կեդրոնին ցուցահանդէսներու կազմակերպական աշխատանքներուն կողքին, հովանաւորողներու գործակցութիւնը կ՛ապահովէր: Կ՛աշխատէր հայկական ձեռագործներու մշակոյթը ծանօթացնել օտարներուն: Լիբանանի,  ինչպէս նաեւ սփիւռքի գաղութներու մէջ հայկական ձեռագործներու մշակոյթի պահպանումին, տարածումին կողքին, աշխատանք կը տանէր, որ այս հասութաբեր ծրագրէն նաեւ ԼՕԽ-ի ընկերային եւ առողջապահական ձեռնարկները նւիթապէս օգտուին: ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնի իրագործումներէն մէկն էր ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ըկերաբժշկական կեդրոնի շողանկարումի բաժանմունքին մամոկրաֆիի գործիքով մը օժտուիլը:

ԼՕԽ-ի աշխատանոցին հետեւողական զարգացումը, հետզհետէ այսօրուան արձանագրած բարձր որակը եւ նուաճումները շատ բան կը պարտին ընկհ. Ռիթային:

Միշտ կը ձգտէր կատալերագործումի ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնը հասցնելու գերազանց մակարդակին: Կարողութիւնը եւ հմտութիւնը ունէր իր շրջապատը հրապուրելու եւ մղելու` ապահովելու համար մշակած ծրագիրի իրագործումը եւ այդ բոլորը կը կատարէր հեռատես կազմակերպուածութեամբ, կարգապահութեամբ, յարատեւողութեամբ, համոզումով եւ խանդավառութեամբ: Իր շրջապատին մէջ գործող իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը կը նկատէր, կը քաջալերէր եւ  կը մղէր դրական արդիւնքներու հասնելու` յանուն ԼՕԽ-ի ծրագիրներու յաջողութեան:

Ռիթային մտահոգութեան շրջագիծը կ՛ընդգրկէր ոչ միայն իր անմիջական ընտանիքը, ան մեծապէս կը տագնապէր նաեւ իր հարազատ գաղութով:

Թէեւ վերջերս ֆիզիքապէս Լիբանանէն հեռացած էր, սակայն համացանցի ճամբով օրական դրութեամբ ինքզինք կը շաղկապէր իր շատ սիրած գաղութին:

Ռիթան տակաւին շատ աւելին կը ցանկար ԼՕԽ-ին եւ մեր ազգային մշակոյթին համար: Վերջերս ան կը մտածէր հիմնական գործի մը մասին եւ կը ծրագրէր իրականացնել հայկական ձեռագործներու թանգարանի մը հաստատումը, մշակոյթի տուն մը, ուր կարելի ըլլար զետեղել մեր մեծ մայրերուն օժիտներէն ժառանգ մնացած, հայ կիներու  ստեղծած արուեստի սքանչելի գործերը: Ռիթան համոզուած էր, որ անոնք միատեղ հաւաքուելով` պիտի կազմէին հայկական ձեռագործներու եւ տարազներու պատմութիւնը մարմնաւորող, սերունդները հայ մշակոյթով ներշնչող իւրայատուկ վայր մը:

Հայկական ձեռագործերու եւ տարազներու թանգարան մը ունենալու փափաքը պիտի շարունակենք հետապնդել, որպէսզի Ռիթա Պոսնոյեանին յիշատակը ԼՕԽ-ի կազմակերպութեան մօտ պահենք արժանավայել կերպով:

Վա՛րձքդ կատար, ընկերուհի,

Հողը թեթեւ գայ

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ
ՍՕՍԻ ՍԱՂՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES