«Բ. Կանաչեան» Քոլեճի Աշակերտներ Նարէ Աղասարգիսեանի Եւ Սարգիս Հալլաճեանի Դաշնակի Ելոյթ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 1 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակի ելոյթ` կատարողութեամբ քոլեճի ուսուցիչ Միքայէլ Աշճեանի աշակերտներ Նարէ Աղասարգիսեանի եւ Սարգիս Հալլաճեանի: Հանդիսութեան ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, արուեստասէրներ, ծնողներ եւ մեծաթիւ երիտասարդներ:
Համերգի բացման խօսքը արտասանեց դաշնակի ուսուցիչ Միքայէլ Աշճեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը աշակերտութեան քաջալեր հանդիսանալու լաւագոյն առիթն է, որ նաեւ կը փոխանցէ կատարողական փորձառութիւն եւ ինքնավստահութիւն:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան»-ի աշակերտ Նարէ Աղասարգիսեան, որ նուագեց Պախի, Սքարլաթթիի, Շոփենի եւ Աբրահամեանի ստեղծագործութիւններէն: Բ. բաժինով ելոյթ ունեցաւ աշակերտ Սարգիս Հալլաճեան, որ ներկայացուց Պախի, Սքարլաթթիի եւ Պապաճանեանի գործերէն:
Իւրաքանչիւրը չորս գործ ներկայացնելէ ետք, երկու աշակերտները միասնաբար նուագեցին Պրամզի «Վալս»-ը: Աղասարգիսեանի եւ Հալլաճեանի բարձրորակ եւ հնչեղ նուագները արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին:
Դաշնակի համերգի աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ նշեց, թէ աշակերտներուն յաջողութիւնը իրականացած է շնորհիւ ծնողներուն եւ ուսուցիչին հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքին եւ աշակերտներուն նուիրուածութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Սարգիս Հալլաճեան եւ Նարէ Աղասարգիսեան իբրեւ շրջանաւարտներ լաւ յիշատակութեամբ եւ փորձառութիւններով աւարտեն քոլեճի կրթական ծրագիրը:

