Մամլոյ 69-րդ Լսարան. Վարուժան Արթին Զեկուցեց Մարսէյի Հայկական Յիշողութեան Ուսումնասիրութեան Եւ Արխիւաւորման Միութեան (Արամ) Գործունէութեան Մասին
Համեմատաբար կարճատեւ դադարէ մը ետք երէկ` ուրբաթ, 1 յունիս 2012-ին վերսկսան «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարանները:
Մամլոյ 69-րդ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ այս 69-րդ լսարանը կու գայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ, որ հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութիւնն ու արխիւաւորումն է: Ապա Ժաք Յակոբեան ներկայացուց լսարանին զեկուցաբերը` Մարսէյի մէջ գործող հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութեան եւ արխիւաւորման միութեան (ԱՐԱՄ) համահիմնադիր Վարուժան Արթինը:
1997-ին հիմնուած այս միութեան աշխատանքը եղած է հաւաքել վաւերագրական պատկերներ, արձանագրութիւններ, գիրքեր եւ տարբեր տեսակի հրատարակութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն հայկական սփիւռքի պատմութեան կարեւոր մէկ բաժինը` լոյս սփռելով ազգային եւ գրական դէմքերու, ինչպէս նաեւ նշանակալի դէպքերու վրայ:
Բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը, որ ներկայացուց ԱՐԱՄ-ի գործունէութիւնը, որ հիմնականին մէջ արխիւներու եւ լուսանկարներու հաւաքն է, զտումը եւ թուայնացումը:
Վարուժան Արթին պաստառի վրայ ցոյց տուաւ ԱՐԱՄ-ի կայքէջը, ուր խմբուած են բազմաթիւ արխիւներ, յատկապէս Մարսէյի հայկական գաղթակայաններուն, ֆրանսական պետական արձանագրութիւններուն նմուշները:
Ան ցուցադրեց նաեւ թուայնացած բազմահազար արխիւներէն, փաստաթուղթերէն եւ լուսանկարներէն նմուշներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին լսարանի ներկաներուն մօտ: ԱՐԱՄ միութեան համահիմնադիրը ներկայացուց նաեւ սփիւռքահայ մամուլի հաւաքածոներէ թուայնացած օրինակներ, որոնք օժտուած են որոնողական համակարգչային ծրագիրներով:
Վարուժան Արթին հաստատեց, որ գաղափարական եւ քաղաքական տարբեր շրջանակներէ իրենց կեդրոնը կը ստանայ արխիւներ: Կեդրոնին մէջ հաւաքուած են նաեւ ընտանեկան արխիւներ, որոնք տեղեկութիւններ կը փոխանցեն գաղութի կազմաւորման տարբեր հանգրուաններուն մասին: Աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի զանազան արխիւային կեդրոններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ:

