Ըստ Մակ-ի Յառաջիկայ Տասնամեակին Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Թիւը Զգալի Աճ Պիտի Արձանագրէ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան վերջերս հրապարակած զեկուցումին, յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին աշխարհի վրայ գաղթականներու թիւը զգալիօրէն պիտի աճի` տագնապներու աճի, սննդամթերքի եւ ըմպելի ջուրի պակասի, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառով:
«Աշխարհի վրայ գաղթականներու վիճակը» խորագիրը կրող զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ 2006-2011 թուականներուն 15-16 միլիոն մարդ գաղթական դարձած է` փորձելով խուսափիլ իր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններէն:
ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով յանձնակատար Անթոնիօ Կութիերես նշած է, որ գաղթականներու աննախադէպ աճ արձանագրուած է Սուրիոյ, Սուտանի, Հարաւային Սուտանի, Մալիի, Ուկանտայի, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն պատճառով:
Աճ արձանագրող մէկ այլ խնդիր է ներքին գաղթականներու հարցը, որոնց թիւը ամբողջ աշխարհի վրայ աւելի մեծ է (26 միլիոն), քան այլ երկիրներու սահմանները հատած գաղթականներունը:
«Բնակչութեան կամքէն անկախ տեղի ունեցող գաղթը հասած է իր գագաթնակէտին: Մեր օրերուն տագնապները, մարդոց նկատմամբ բռնութիւնները եւ բնական աղէտները այս հոլովոյթին հիմնական պատճառներն են», նշած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն զեկուցումի նախաբանին մէջ:
266 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը կը նախատեսէ, որ միլիոնաւոր մարդոց ներքին գաղթականներ դառնալու պատճառ հանդիսացած բնական աղէտները եւս աճ պիտի արձանագրեն` առաւել եւս մեծցնելով այդ գաղթականներուն թիւը:
Զեկուցումի վերջաւորութեան Կութիերես նշած է, որ գաղթականներու թիւի աճի խնդիրը միջազգային կարեւորութիւն ունի եւ հետեւաբար` միջազգային լուծումի կը կարօտի:

