Էրտողան Եւ Սահակաշվիլի Շրջանային Հարցեր Կը Քննարկեն
Վրացական «Կրուզիա օնլայն» կայքէջը` վկայակոչելով Վրաստանի նախագահի գրասենեակի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Պոլսոյ մէջ քննարկած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Երկու երկիրներու ղեկավարները շրջանային համագործակցութեան խորացման ի նպաստ արտայայտուած են:
Էրտողան աջակցած է ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու Վրաստանի ձգտումին` այս ճանապարհին յաջողութիւն մաղթելով: Կողմերը քննարկած են նաեւ Վրաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, կատարուող բարեփոխումներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ աշնան տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստման ընթացքը:
Սահակաշվիլի եւ Էրտողան արծարծած են նաեւ ռազմավարական համագործակցութեան, Ազրպէյճանի հետ միասնաբար իրականացուող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան, Կասպեան ուժանիւթի Եւրոպա մատակարարման առնչուող հարցերը:
Վրաստանի նախագահը Պոլսոյ մէջ կը մասնակցի միջազգային խորհրդաժողովին, ուր նաեւ խօսք մը արտասանած է: Հինգշաբթի երեկոյեան Էրտողանի հրաւէրով տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընթրիք մը, որուն ընթացքին Սահակաշվիլի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ կարճատեւ զրոյց մը ունեցած է:


