«Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Միջամտութիւն Պէտք Է Մակ-ի Զօրակցութիւնը Ապահոված Ըլլայ» Կ՛ըսէ Փանեթա
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն պէտք է ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը ապահովէ` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներուն նկատմամբ «կարելի չէ ներողամիտ ըլլալ»:
Փանեթա Սինկափոր իր ճամբորդութեան ընթացքին օդանաւին մէջ պատասխանելով իրեն ընկերակցող լրագրողներուն այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնա՞ն Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի հաւանութիւնը չվայելող զինուորական միջամտութեան մը զօրակցիլ, ըսաւ. «Ոչ, ատիկա կարելի չէ պատկերացնել»` նշելով, որ Ուաշինկթըն տագնապի լուծման որեւէ ընտրանք չի բացառեր:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը աւելցուց, որ «Միացեալ Նահանգներու համար ապագային բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ պահելը կարեւոր է»: Ան ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի որդեգրեն Ասատի իշխանութենէն հեռանալու անհրաժեշտութիւնը յստակ դարձնող որեւէ քայլ, ներառեալ` Ռուսիոյ վրայ ճնշումը բարձրացնելը, որպէսզի (սուրիական) վարչակարգին վրայ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ»:
Փանեթա ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը անտանելի է եւ կարելի չէ անկէ գոհ ըլլալ»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ Մոսկուային կոչ ուղղեց` «Դամասկոսի աջակցելէն հրաժարելու»: Ան ըսաւ, որ «կը տեսնենք, որ Ռուսիա կը հաստատէ, որ երբ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնել կը ջանանք, ռուսական ռազմավարական շահերուն, դէմ քայլ չենք կատարեր»:
Ան աւելցուց, որ «Ռուսիա եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ անոր կեցուածքը սուրիական տագնապին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին»:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց իր երկրին կեցուածքը` զգուշացնելով «այդ երկրին (Սուրիոյ) մէջ որեւէ զինուորական միջամտութենէ»` աւելցնելով, որ «ներկայ դժուար կացութեան մէջ պէտք չէ այն տպաւորութիւնը ստեղծենք, որ զինուորական միջամտութիւն մը արագ լուծումի մը անարգելք ուղին է»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Պի. Պի. Սի.»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը կրնայ շատ աւելի մեծ ըլլալ, քան Լիպիոյ մէջ Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգը տապալելու համար արեւմտեան ուժերու ղեկավարած արշաւը»:
Ան ըսաւ, որ «բրիտանական կառավարութիւնը սկսած է սուրիական ընդդիմութեան աջակցելու բոլոր ընտրանքները, ներառեալ` զայն զէնքով մատակարարելը քննարկել»` աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ միջազգային որոշումներու անտեսման եւ Անանի ծրագիրը չգործադրելուն լոյսին տակ «զինուորական միջամտութեան ընտրանքը կրնայ վերջին լուծումը ըլլալ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ ջանալ Մոսկուան համոզել, որպէսզի Անանի ծրագիրը անմիջապէս գործադրելու համար Սուրիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնէ:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «զինուորական որեւէ միջամտութիւն միջազգային մեծ զօրակցութեան պիտի արժանանայ եւ հաւանական է, որ տեղի ունենայ Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան ճամբով»:
Չինաստան եւ արաբական երկիրները Արեւելեան Թունուզի Համամաթ քաղաքին մէջ չին-արաբական հինգերորդ խորհրդաժողովին ընթացքին «սուրիական կողմերուն» կոչ ուղղեցին` ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը «ամբողջութեամբ գործադրելու»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժիէ Չի իր կարգին յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիական իշխանութիւնները Անանի ծրագիրը խիստ կերպով եւ անմիջապէս գործադրելու մղելու իր ջանքերը կրկնապատկէ»: Ան աւելցուց, որ «Անանի եւ ՄԱԿ-ի դէտերու առաքելութեանց առանց վերապահութեան կը զօրակցինք»:
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը երէկ Ժընեւի մէջ իր գումարած ժողովին աւարտին բուռն կերպով քննադատեց Հուլայի մէջ գործադրուած ջարդը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բանակին եւ իշխանութեան համակիր միլիսներու կողմէ բնակելի շրջաններու դէմ յարձակումները` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ մարդկութեան դէմ ոճիրներու գործադրութեան ցուցանիշներ գոյութիւն ունին: Յանձնախումբին մէջ Սուրիոյ ներկայացուցիչ Ֆայսալ Համաուի վերոնշեալ որոշումը «ատելութեամբ լեցուն» նկատեց եւ հեռացաւ նիստէն:
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնակատար Նաւի Պիլայ Սուրիոյ մէջ շրջանին «մեծ վտանգ» մը ներկայացնող «համապարփակ տագնապէ» մը զգուշացուց:


