Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է ընդառաջեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւիրած Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ Քըպպէի շրջաններուն մէջ երէկ նամազէն ետք արձանագրուեցան բողոքի ցոյցեր, որոնք դատապարտեցին սուրիական վարչակարգը:
ԸՍՏ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին, սուրիական բանակը տեղակայուած է հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Տապպուսիէ շրջանին մէջ:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Ժապալ Մըհսեն ենթարկուեցաւ արձակազինութեան եւ ռմբակոծումի:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա մեկնեցաւ Հռոմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պլոքը տակաւին յստակ որոշում մը չէ տուած Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով. ան աւելցուց, որ իրենց հիմնական պահանջն է Լիբանանի կառավարութեան հրաժարումը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք ջնջած է ներքին ապահովութեան ուժերուն սպայից պաշտօնի քննութիւնները` բացայայտելէ ետք, թէ այդ քննութեան արդիւնքները խարդախուած են: Այս ծիրին մէջ, «Ախպար» օրաթերթին հասած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին է, որ խարդախած է 32 թեկնածուներու քննութեան արդիւնքները: Նշենք, որ քննութեան ներկայացած են միայն 75 թեկնածուներ: Ըստ «Ախպար»-ի, այս մասին Շարպել տեղեակ պահուած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ զգուշացուց Լիբանանը անդունդն ի վար գլորելէ: Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս` լիբանանցի առեւանգուածներուն թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպումին ընթացքին ոչ մէկ դրական արդիւնք կարելի եղած է արձանագրել` առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով:
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտած են, որ ազգային երկխօսութիւնն է միակ միջոցը` լուծելու Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական տագնապը:
ԸՍՏ «Ախպար»-ի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երկու օր առաջ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի եւ Թոնի Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Քննարկուած են Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստ մը կայացնելը ժամանակի վատնում է` աւելցնելով, որ այդ նիստին նպատակն է փրկել Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախքան երկխօսութեան նիստին գումարումը նախապայմաններու մասին խօսիլը համազօր է անիւին մէջ գաւազան մխրճելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընդմէջէն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր ազգային պատասխանատուութեան անգիտակից է, եւ պահանջեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ արաբական եւ միջազգային ուժերու տեղակայումը, որպէսզի անոնք լիբանանցիները պաշտպանեն սուրիական ոճրագործ վարչակարգէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհի պատասխանատու Ֆաթհի Ապու Արտաթ յայտնեց, որ պաղեստինեան բոլոր խմբաւորումները իրենք զիրենք պատասխանատու նկատած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ մահափորձին հարցով:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու ծիրին մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համոզելու Ամին Ժեմայէլի փորձերը ապարդիւն մնացած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով իրենց յստակ եւ վերջնական պատասխանը պիտի տան` իրենց նախաձեռնութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պատասխանէն ետք:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի Լիբանան այցելութիւնը շատ զգայուն հանգրուանի մը կը զուգադիպի: Ան աւելցուց, որ իր կարծիքով, Սուրիոյ մէջ Անանի նախաձեռնութիւնը ձախողած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու, որովհետեւ անիկա ոչ մէկ նուաճում կրցած է իրագործել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը փափաքի Լիբանանը մասնակից դարձնել Սուրիոյ տագնապին` իր վրայ բանեցուող ճնշումները թեթեւցնելու նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ, ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան մտահոգ է, որ Սուրիոյ միջադէպերը կրնան Լիբանան հասնիլ:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Քրիսչըն սայընս մոնիթըր» օրաթերթին հրապարակած տեղեկագրութեան մը համաձայն, մեծ թիւով լիբանանցիներ անդամակցած են Սուրիական ազատ բանակին: «Հիւսիսային Պեքաայէն շուրջ 300 սիւննի լիբանանցիներ կը կռուին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ: Անոնց միացած են նաեւ յորդանանցիներ, թունուզցիներ, ալճերիացիներ եւ սէուտցիներ», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ լրատու աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդը այցելութիւն մը տուած է հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները` սկսելով Նաքուրայէն հասնելով մինչեւ Քֆարքիլա:

