Էլիաս Աուն` Խմբագիրներու Սենտիքայի Նախագահ

Էլիաս Աուն

Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքան երէկ Հազմիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան սենտիքայի անդամներ Էլիաս Աուն, Սայիտ Նասրէտտին, Արաֆաթ Հիժազի, Հապիպ Շլուք, Մունիր Նաժժար, Ղասեպ Մուխթար, Ալի Եուսեֆ, Ժոզեֆ Քըսայֆի, Սքարլեթ Հատտատ, Քամիլ Խալիլ, Նաֆեզ Քաուաս եւ Ղասսան Ռիֆի:

Նիստին ընթացքին սենտիքան համաձայնութեամբ նախագահ ընտրեց Էլիաս Աունը, իսկ Սայիտ Նասրէտտին ընտրուեցաւ սենտիքայի փոխնախագահ, Ժոզեֆ Քըսայֆի` ընդհանուր քարտուղար, Արաֆաթ Հիժազի` գանձապահ, Նաֆեզ Քաուաս` ընդհանուր յարաբերութեան պատասխանատու:

Նիստէն ետք սենտիքան ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհայի:

 

Share this Article
CATEGORIES