Ժոմպլաթ Ապահովական Երկու Պատգամներ Ստացած Է

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը ապահովական երկու պատգամներ ստացած է, որոնցմէ մէկը խիստ ապահովական է եւ ուղղուած` երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի դէմ, իսկ միւսը` քաղաքական բնոյթ ունեցող պատգամ մըն է:

Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ անշեղ պիտի մնայ սուրիական վարչակարգին դէմ իր մղած արշաւի ուղեգիծէն:

Նշենք, որ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ նաեւ նշեցին, որ Ժոմպլաթ երբեք Դիմադրութեան պիտի չդաւաճանէ, որովհետեւ ան քաջ գիտէ, որ Դիմադրութեան զէնքին պաշտօնը տակաւին առկայ է եւ յարմար ժամանակը չէ զայն լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ դնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES