Օմար Քարամէ Պահանջեց Վերատեսութեան Ենթարկել Ժահժահին Շնորհուած Ներումը

Քարամէ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Իր եղբօր` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պահանջեց վերատեսութեան ենթարկել իր եղբայրը սպաննող ոճրագործ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին շնորհուած ներումը, որ խորհրդարանին կողմէ տրուած էր 2005-ին:

Քարամէ խստիւ դատապարտեց խորհրդարանին կողմէ նման ներման բանաձեւի մը մշակումը` աւելցնելով, որ այդ ձեւով լիբանանցի երեսփոխանները օրինականացուցած են ոճրագործութիւնը եւ Ռաշիտ Քարամէն երկրորդ անգամ ըլլալով ահաբեկած:

Քարամէ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ քաղաքական իր սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քանդում: «Դժբախտաբար, Լիբանանի սահմանադրութիւնը եւ օրինական հաստատութիւններուն բանաձեւերը օրական դրութեամբ կը խախտուին», ըսաւ Քարամէ:

Օմար Քարամէ դրուատեց Սուրիոյ նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, սակայն ան աւելցուց, որ կարելի չէ ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն նկատմամբ ալ չէզոք մնալ, յատկապէս բանակին նկատմամբ: «Լիբանանի ազգային տարազը այն է, որ բանակը պէտք է պաշտպանես, որպէսզի ինք ալ քեզ պաշտպանէ, որովհետեւ բանակին պարտականութիւնն է երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանել», նշեց ան:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի առաջարկած Ազգային երկխօսութեան նիստին` Քարամէ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան, սակայն այս հանգրուանին անոր յաջողութիւնը դժուար կը նկատեն:

Քարամէ իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ պետական անձնաւորութիւնը կ՛առաջնորդէ եւ ոչ թէ կ՛առաջնորդուի, ինչպէս նաեւ կը զիջի երկրին շահերուն համար եւ ոչ թէ կը խոնարհի փառքի ու դիրքերու տիրանալու առաջարկներուն դիմաց:

Share this Article
CATEGORIES