«Եթէ Ձեր Հարցը Իմ Հետս Է, Ապա Զայն Լուծելու Շատ Միջոցներ Կան, Սակայն Պէտք Է Պատանդները Ազատ Արձակէք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Այաթոլլա Խումէյնիի վախճանման 23-րդ տարելիցին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ «լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը ստանձնած են առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծումը եւ կը վայելեն մեր օժանդակութիւնը»:
Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիները առեւանգող կողմին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Դուք նախանցեալ օր յայտնեցիք, թէ որոշ համայնքի մը հետ հարց չունիք, հետեւաբար պէտք է փաստէք այդ կեցուածքը եւ զանոնք վերադարձնէք իրենց ընտանիքներուն: Եթէ ձեր հարցը իմ հետս է, ապա շատ մը ձեւեր եւ միջոցներ կան այդ հարցը լուծելու, սակայն այդ պատճառաբանութեամբ անմեղ քաղաքացիներ պատանդ վերցնելը մեծ անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն է, որուն պէտք է վերջ տաք: Եթէ հարցը Հըզպալլայի կամ Ամալ շարժումին հետ է, ապա պէտք է ազատ արձակել պատանդները եւ այդ հարցը լուծել ըստ իրենց պահանջին` խաղաղութեամբ, պատերազմով կամ սիրով»:


