Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի – Անան Հանդիպում
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ Լիբանան:
Կէսօրէ ետք վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ, ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ Սուրիան յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով Անանի առաջարկած ծրագիրը եւ դրուատեց զայն:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւն պէտք է ընծայել արիւնահեղութեան կասեցումին:
Լիբանանեան առումով, վարչապետը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կազմութեան առաջին իսկ օրէն չէզոք կեցուածք որդեգրած է Սուրիոյ տագնապին առումով եւ կառչած կը մնայ այդ կեցուածքին:
Իր կարգին, Անան հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ իր խորհրդակցութիւնները կարեւոր էին` աւելցնելով, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ ինք քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Անան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը պէտք է յանդուգն քայլերու դիմեն` գործադրելու համար իր ծրագիրին մէջ նշուած վեց կէտերը:
Անան նշեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ միջադէպերուն շրջակայ երկիրներուն մէջ տարածման հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտած է այդ միջադէպերուն տարածման հաւանականութիւնը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:
Անան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան իշխանութեան պետերը հաստատած են, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանները զէնքի մաքսանենգումին համար չեն օգտագործուիր:
Անան խոստացաւ ամէն ջանք ի գործ դնել` լուծելու համար առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, եւ կոչ ուղղեց առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն համբերութեամբ զինուելու:
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները
Կ՛այցելեն Վարչապետին
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Ալի Ամմար: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր:
Հանդիպումէն ետք Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի եւ Մանսուր զիրենք տեղեակ պահած են առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին մասին թրքական կողմին հետ իրենց ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքներէն:
Ամմար շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի իրենց մտահոգութիւնները փարատած է եւ շեշտած, որ լուսարձակներէ հեռու ամէն ջանք ի գործ կը դրուի` առեւանգուածները ազատ արձակելու եւ զանոնք Լիբանան վերադարձնելու նպատակով:
Ամմար յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն զգացումները հաշուի առնուին` նկատել տալով, որ թրքական ճիգերը կը շարունակուին եւ ընդգծելով, որ առեւանգումին հարցը զուտ ազգային է եւ ոչ թէ կուսակցական կամ յարանուանական:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մը համաձայն, Քոնելլի դրուատած է Լիբանանի կառավարութեան, լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ յարգելու Լիբանանի անվտանգութիւնը:



