Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ «Եւրոպական Միութիւնը Դէմ Է Լեռնային Ղարաբաղի Մեկուսացման» Կ՛ըսէ Ֆիլիփ Լեֆոր

Լեֆոր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշեցին, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն զգալի յառաջընթաց արձանագրած են: Կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները: Այդ տեսանկիւնէն կարեւոր նկատուեցան նաեւ յառաջիկային Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյի` Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը, որուն ծիրին մէջ պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութեան ընթացքը եւ հետագայ ծրագիրները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը խօսեցան նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներուն մասին:

Ֆիլիփ Լեֆոր նշեց,որ Եւրոպական Միութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն կը տածէ Հայաստանի ու ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացումներուն նկատմամբ եւ ցանկութիւն ունի իր կարելիութիւններուն ծիրին մէջ նպաստելու շրջանի երկիրներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման:

Միւս կողմէ, Ֆիլիփ Լեֆոր Երեւանի պետական համալսարանի Եւրոպական հետազօտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի մեկուսացման:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը կը նկատէ, որ շփումները աւելի լաւ են, քան մեկուսացումը, եւ չափազանց սխալ է պայմաններ առաջադրել շրջան այցելողներուն:

Միաժամանակ Լեֆոր նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն բաղդատմամբ, ինք Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու իրաւագիր չունի եւ իր այցելութիւնը կախուած է «կողմերու բարի կամքէն»: «Մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ», աւելցուց ան` ընդգծելով, որ շատ կը ցանկայ այցելել Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն յայտնի չէ, թէ ե՛րբ այդ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ:

Նշենք, որ արտասահմանցիներուն այցելութիւններու Արցախ ցաւագին կերպով կ՛ընդունուի Պաքուի վարչակազմին կողմէ: Իբրեւ կանոն` Լեռնային Ղարաբաղ այցելողներուն անմիջապէս կը յայտարարեն անբաղձալի անձեր:

Share this Article
CATEGORIES