Եւրոպական Միութեան Նախագահը Հայաստան Պիտի Այցելէ
Յուլիսի սկիզբը Հայաստան պիտի այցելէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյը:
Կ՛ակնկալուի, որ Եւրոպական Միութեան նախագահը Երեւան պիտի ժամանէ 4 յուլիսին:
Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռոլան Քոպիա երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ռոմփոյի այցելութիւնը շրջանային է, եւ 5 յուլիսին ան պիտի ժամանէ Պաքու:
Քոպիա ընդգծեց, որ այցելութեան շրջագիծին մէջ Ռոմփոյ պիտի քննարկէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:
CATEGORIES Հայկական

