Ակնարկ. Կարգավիճակի Բնութագրումէն Աւելին

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) համաձայնական կառավարութեան մէջ չներառուիլը խորհրդարանական դաշտին նկատմամբ քաղաքական վերլուծաբաններուն մեկնաբանութիւններուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն գործեց:

Շրջանառուող վերլուծումները կարելի է ամփոփել հետեւեալ մտածումներուն շուրջ:

Առաջին հայեացքով, ԲՀԿ-ի մերժումը կառավարութեան մաս կազմելուն Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ կտրուկ փոփոխութիւն կ՛ապահովէ, կը հակակշռէ միակուսակցական իշխանութիւնը, խորհրդարանին մէջ դժուար կացութիւն կը ստեղծէ գործող իշխանութիւններուն համար եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու միաւորման լուրջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ:

Այս տեսութիւնը յառաջ քշողներուն համար  համարեա՛ պարզ է, որ ԲՀԿ-ի համար արդէն գոյութիւն չունի այն յուշագիրը, որուն համաձայն, օրուան համաձայնական կառավարութիւնը կազմող երեք կուսակցութիւնները` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը հրապարակային յանձնառութեամբ եւ յուշագիրի ստորագրութեամբ կը յայտարարէին, որ պիտի պաշտպանեն գործող նախագահին թեկնածութիւնը`  2013-ի նախագահական ընտրութիւններուն:

Դարձեալ այս տեսութեան զարգացման սահմաններուն մէջ կ՛ակնկալուի Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին վերադարձը, նախագահական ընտրութիւններուն` թեկնածուի տեսքով: Միշտ ըստ քաղաքական այս վարկածը պաշտպանողներուն, երկրորդ նախագահին ազդեցութիւնը գերակշիռ է ԲՀԿ-ի կայացուցած որոշումներուն վրայ:

Այս վարկածին    180 աստիճան տրամագծութեամբ կը հակադրուի այն մտածումը, որ արձանագրուածը ներիշխանական խաղի կամ աւելի ճիշդը համաձայնեցուած դերաբաշխումի արդիւնք է: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ԲՀԿ-ի ընդդիմադիր խաղը պատճառ դարձած է, որ ժողովուրդին մօտ չէզոքացուի կանխորոշման գործօնի ազդեցութիւնը եւ քուէարկող զանգուածը որոշ չափով աշխուժանայ: Այս պատճառ դարձած է նաեւ, որ ԲՀԿ խլէ ընդդիմադիր քուէներ եւ մնացեալ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հազիւ ապահովեն սահմանային անցողիկութիւնը:

Ներիշխանական այս խաղին հաւատացողները կը խորհին, որ իշխանութիւնները այս ձեւով միաժամանակ սեփականացուցած կ՛ըլլան թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան դաշտերը: Ինչպէս որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ապահոված է իշխանութեան դաշտի գերակայութիւն, այնպէս ալ ԲՀԿ-ն` ընդդիմադիր:

Եթէ հետեւինք ԲՀԿ-ի գործիչներուն յայտարարութիւններուն, այնտեղ պիտի նկատենք մակընթացութիւն-տեղատուութիւն երեւոյթ մը: Որոշ գործիչներ համեմատաբար սուր ոճով կը քննադատեն կառավարութիւնը, այլ դէմքեր` զսպուածութեամբ եւ փափկանկատութեամբ: Նոյնը` ԲՀԿ-ի հանդէպ հանրապետական գործիչներու կողմէ կը դրսեւորուի:

Յամենայն դէպս առ այսօր ԲՀԿ-ն   ինքնաբնութագրման համար  կ՛օգտագործէ «խիստ կառուցողական», «այլընտրանք» բառեզրերը եւ յստակօրէն չի ճշդեր իր  կարգավիճակը: Խորհրդարանի առաջին քննութիւնը որոշ չափով բարացուցական է. թերեւս կանուխ է հաստատելը,  սակայն Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւնը ցուցանշային իմաստ ունի: ԲՀԿ այստեղ ո՛չ այլընտրանքի եւ ո՛չ ալ խիստ կառուցողականութեան փաստը տուաւ. իսկ ընդդիմադիրի` երբեք:

Միակուսակցականութեան հակակշռումը կը բխի պետութեան եւ հասարակութեան շահերէն: ԲՀԿ-ն այս առումով յայտնուած է բոլորի ուշադրութեան կեդրոնը: Կարգավիճակի բնութագրման համար գործածուող ըսելաձեւերը երկրորդական բնոյթ կ՛ունենան, եթէ ԲՀԿ իրողապէս սատարէ այդ գործառոյթի իրականացման:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES