50 Տարի Առաջ ( 4 յունիս 1962 )

Ազգային Երկու Քոլեճներու
Կառուցումը Պիտի Սկսի Շուտով

Սրբազան Առաջնորդին Շահեկան Տեղեկութիւնները

Անցնող դպրոցական տարին բախտաւոր եղաւ լիբանանահայութեան համար, խանդավառ այն երեւոյթով, որ կառուցուելիք երկու նոր քոլեճներով պիտի դիմաւորուի դպրոցական յաջորդ տարին:

Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը Ս. Նշանի հողին վրայ եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ:

Աննախընթաց երեւոյթ մը, արդարեւ, արձանագրելիք դրական իր հետեւանքներով,  մշակութային գետնի վրայ, մանաւանդ` այնքան անհրաժեշտ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեամբ:

Նկատի ունենալով այն հետաքրքրութիւնը, որ ցոյց կը տրուի կատարուող աշխատանքներուն մասին, ուզեցինք տեսակցութիւն մը ունենալ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանին հետ` գրաւոր հարցարանով գոհացում տալու համար մեր ընթերցողներուն, պաշտօնական տեղեկագրութեամբ:

Ստորեւ` այդ հարցարանին պատասխանը.-

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ս. Նշանի հողին վրայ կառուցուելիք Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի շինութեան նախապատրաստական աշխատանքները սկսա՞ծ են:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛, նախապատրաստական կարգ մը աշխատանքները սկսուած են:

Հ.- Յատակագիծը պատրաստուա՞ծ է:

Պ.- Գրեթէ աւարտելու վրայ է յատակագիծի պատրաստութիւնը:

Հ.- Ո՞ր երկրաչափները կը զբաղին:

Պ.- Ամերիկեան համալսարանի ճարտարապետական բաժնի ուսուցչապետ Ռէյմոն Ղոսնի յանձնուած է յատակագիծին պատրաստութիւնը` Ազգ. վարչութեան եւ բարերար Սուրէն Խանամիրեանի փոխադարձ համաձայնութեամբ:

Հ.- Շինութեան յանձնախումբ կա՞յ:

Պ.- Շինութեան յանձնախումբը պիտի կազմուի, անմիջապէս որ հաստատուի յատակագիծը բարերարին եւ Ազգ. վարչութեան կողմէ:

Հ.- Ե՞րբ պիտի սկսին աշխատանքները:

Պ.- Մեր ցանկութիւնն է, որ շինութեան աշխատանքները սկսին այս տարուան դպրոցական տարեշրջանի վերջաւորութեան, այսինքն` 1 յուլիս 1962-էն սկսեալ:

Հ.- Ի՞նչ ծախք կը նախատեսուի:

Պ.- Ճարտարապետը յատակագիծերուն հետ պիտի բերէ նաեւ շինութեան ծախուց հաւանական հաշիւը:

Հ.- Նոր քոլեճին համար ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Պ.- Համաձայն Ուսումնական խորհուրդի եւ հոգաբարձութեան խառն մէկ նիստի որոշման, նոր քոլեճին ուսումնական ծրագիրը պիտի համապատասխանէ Լիբանանի արաբական պաքալորէային` գլխաւոր լեզուներ ունենալով արաբերէնն ու անգլերէնը:

Հ.- Ուսուցչական կազմը ինչպէ՞ս պիտի ընտրուի:

Պ.- Ուսուցչական կազմը պիտի ընտրուի Ուսումնական խորհուրդի եւ հոգաբարձութեան գործակցութեամբ եւ քոլեճին կրթական ծրագիրի պահանջներուն համաձայն:

Հ.- Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան կառուցուելիք քոլեճին մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ:

Պ.- Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը պիտի կառուցուի Պուրճ Համուտի ազգապատկան հողին վրայ. այս հողին վրայ աւելցան 130,000 լ. ոսկի արժողութեամբ գնուած երեք կտոր նոր հողամասեր. ամբողջ հողը կը գնահատուի 350,000 լ. ոսկի, որուն վրայ պիտի շինուի այս քոլեճը` արդիական պահանջներու համաձայն:

75,000 տոլարի գումար մը կայ այս շինութեան համար, որուն 50,000 տոլարը վճարած է բարերարուհի Սոֆիա Լեւոն Յակոբեանը, 25,000 տոլարը` Հայ կրթական հիմնարկութիւնը:

Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին ուսումնական ծրագիրը ի մօտոյ պիտի մշակուի Ուսումնական խորհուրդին կողմէ:

Հ.- Յաւելեալ տեղեկութիւններ ունի՞ք:

Պ.- Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շինութեան պիտի ձեռնարկուի, անմիջապէս որ յատակագիծը հաստատուի բարերարուհիին եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ: Շինութեան հսկողութիւնը պիտի կատարէ Ազգային վարչութեան կողմէ նշանակուած մասնաւոր յանձնախումբ մը:

Share this Article
CATEGORIES