Պատմութիւնը Կը Դատէ. Որքա՞Ն Ճշգրիտ Էին Լէոնարտօ Տա Վինչիի Մարդակազմութեան Գծագրութիւնները

Բրիտանիոյ Թագաւորական հաւաքածոյին գլխաւոր պատասխանատուն ցոյց կու տայ ցուցահանդէսին ամէնէն ուշագրաւ նմուշները:
ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԻ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՊԱՔԻՆԿՀԱՄ ՊԱԼԱՏԻՆ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԿԸ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:
Իր կեանքին ընթացքին Լէոնարտօ հազարաւոր էջերու մէջ նոթագրութիւններով եւ գծագրութիւններով նկարագրած է մարդկային մարմինը:
Լէոնարտօ կը ձգտէր հասկնալ, թէ մարդկային մարմինը ինչպէ՛ս կազմուած էր եւ ինչպէ՛ս կը գործէր: Սակայն, երբ 1519-ին մահացաւ, իր ետին ձգեց մարդկային մարմնին վերաբերող անաւարտ ճառ մը, իսկ անոր գիտական գրութիւններէն ոչ մէկը հրատարակուած էր:
Սակայն ինչ որ ցարդ գոյատեւած է, մարդակազմութեան մասնագէտներու մտածել կու տայ, թէ Լէոնարտոյի մարդակազմութեան ուսումնասիրութիւնները հարիւրաւոր տարիներ առաջ էին իր ժամանակներէն, եւ թէ` որոշ առումով անոնք նոյնիսկ կրնան օգնել մեզի` հասկնալու համար մարդկային մարմինը:
Հետեւաբար եկէք եւ աւելի քան 500 տարի առաջ գծուած անոր նկարները բաղդատենք այսօրուան թուային նկարչութեան արհեստագիտութեան ընձեռած պատկերներուն հետ (տրամադրուած` ճառագայթաբան Ռիչըրտ Ուելինկզի կողմէ):
Գանկը
Նոթատետր մը, որ կը կրէ 1489 թուականը, կը պարունակէ գանկի մանուածապատ գծագրութիւններու շարք մը:
Լէոնարտօ կտրած է դէմքին կէսը` ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ կայ անոր տակ: Դժուար է կտրել դէմքին ոսկորները` առանց փճացնելու զանոնք: Իր թուղթերուն մէջ այլ տեղ մը Լէոնարտօ գծած է իր գործածած դանակը:
Այդ ժամանակներուն…
Լէոնարտօ 1480-ական տարիներուն իր ծննդավայր Թոսքանայէն փոխադրուեցաւ Միլանօ: Հոն ան սկսաւ աշխատիլ գեղանկարչութեան իր ճառին վրայ: Այս գործը շատ աւելի անդին պիտի երթար պաստառներու պատրաստութեան եւ ներկերու համադրումի նկարագրութիւններէն:
Լէոնարտոյի նպատակն էր թուղթին յանձնել ամէն ինչ, որ պէտք էր գիտնար գեղանկարիչ մը. մասնաւորաբար` մարդկային մարմնին կազմութեան վերաբերեալ: Իսկ այս մէկը ճիշդ փոխանցելու համար ան մտածած էր գծել նոյնինքն մարդկային մարմնին հետեւողութեամբ:
Բրիտանիոյ Ուորուիք համալսարանին մէջ մարդակազմութեան դասախօս Փիթըր Ապրահամզի համաձայն, Լէոնարտոյի գծած գանկին պատկերը նոյնքան ճշգրիտ է, որքան` այսօր գիտական հիմքերով ստեղծագործող արուեստագէտի մը մէկ պատկերումը:
«Եթէ ծանօթ ես մարդակազմութեան, կը նկատես այն փոքր խոռոչները, որոնք կը գտնուին գանկին մէջ», կ՛ըսէ ան:
«Անոնք ամբողջութեամբ ճիշդ են մարդակազմութեան դիտանկիւնէն: Լէոնարտօ բծախնդիր դիտող մըն էր եւ բծախնդիր փորձարկող գիտնական մը: Ան կը գծէր այն ինչ, որ կը տեսնէր եւ կարողութիւնը ունէր կատարեալ ճշգրտութեամբ գծելու իր տեսածը»:
Իրանը
Ապրահամզի համաձայն, իրանը պատկերող այս գծանկարին վերի կէսը բաւական ճշգրիտ է: Օրինակ, լեարդը զետեղուած է իր ճիշդ տեղը, կնոջ աջ կուրծքէն ոչ շատ վար: Անոր չափը մտածել կու տայ, թէ կինը հաւանաբար կը տառապէր լեարդի հիւանդութենէ:
Այդ ժամանակներուն…
Լէոնարտօ 1507-ին վերսկսած էր մարդակազմութեան իր աշխատանքին: Յաջորդ 4 տարիներուն ան պիտի դառնար երբեւիցէ ապրած մեծագոյն գիտնականններէն մէկը բժշկագիտութեան մարզին մէջ:
Փաւիոյ համալսարանին մէջ մարդակազմութեան դասախօս Մարքանթոնիօ տելլա Թորրէի հետ գործակցելով` ան կանոնաւոր կերպով կը ստանար դիակներ` անդամահատելու եւ քննելու համար մարդկային մարմինը:
Այսուհանդերձ, գծանկարը խնդրայարոյց կը դառնայ իրանին կէսէն վար: Ապրահամզի համաձայն, արգանդը սխալ գծուած է եւ կը նմանի անասուններու արգանդին, ինչպէս` կովերու:
Ասիկա հաւանական է, նկատի ունենալով, որ կիներու դիակներ ճարելը դժուար էր: Հետեւաբար Լէոնարտօ օգտագործած էր մարդկային մարմինը հասկնալու ճամբուն վրայ անասուններու դիազննութեան ընթացքին կատարած իր յայտնաբերումները:
Աջ թեւին վրայ կը տեսնենք մատնահետք մը, որ արատաւորած է գծագրութիւնը: Հաւանաբար անիկա Լէոնարտոյի մատին հետքն է:
Ողնաշարը
Այստեղ ցոյց տրուած ողնաշարը կը նկատուի պատմութեան մէջ ողնաշարի առաջին ճշգրիտ պատկերումը:
Ապրահամզի համաձայն, Լէոնարտօ կատարելապէս վերարտադրած է ողնաշարին նուրբ կորութիւնն ու դէպի առջեւ թեքուած դիրքը, ինչպէս նաեւ` ողնաշարի ոսկորներուն սերտ օղակումը:
Այդ ժամանակներուն…
Տա Վինչի 1510-1511-ի ձմեռը Մարքանթոնիօ տելլա Թորրէի հետ կ՛աշխատէր Միլանոյի մօտակայ Փաւիոյ համալսարանին մէջ: Ան համալսարանին բժշկագիտական դպրոցին մէջ մասնակցած էր 20 դիազննութիւններու:
Ան կը ծրագրէր ամբողջացնել իր ճառը` մարդկային մարմնին մեքենական կառոյցին վերաբերեալ: Այն իրողութիւնը, թէ այս գծանկարներուն վրայ արձանագրուած նոթերը գրուած են Լէոնարտոյի բնորոշ հակառակ կողմէն կարդացուող բառերով, մտածել կու տայ, թէ գործը տակաւին պատրաստ չէր հրատարակութեան:
Միայն այս գծագրութիւնը ինքնին բաւարար էր, որ Լէոնարտօ իր տեղը ունենար պատմութեան մէջ: Երկու տարաչափութեամբ պատկերներու դիտանկիւնէն անիկա նոյնքան լաւ է, որքան` որեւէ պատկեր, որ այսօր պիտի գծուէր նոյն տարաչափութիւններով:
Սակայն անիկա միայն մէկն է այն շարք մը գծանկարներէն, որոնց միջոցով Լէոնարտօ կ՛ընդարձակէր գիտութեան սահմանները: Ան կ՛անդամահատէր մարդակային մարմինը եւ գրի կ՛առնէր իւրաքանչիւր ոսկորի իր հետաքննութիւնը: Բացառութիւն էր գանկը:
Ապրահամզի կարծիքով, Լէոնարտոյի ճարտարապետի եւ ճարտարագէտի կարողութիւնն էր, որ զայն օժտած էր մարդկային մարմնին գործունէութիւնը ճանչնալու կարողութեամբ:
«Այս մեքենագէտի մօտեցումը, այս ճարտարագէտի մօտեցումը վիրահատութեան բնագաւառին մէջ իրապէս ժողովրդականութիւն սկսաւ վայելել միայն վերջին 50 կամ 60 տարիներուն», կ՛ըսէ ան:
«Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ անձեր մինչեւ այսօր կը շարունակեն ուսումնասիրել այս բոլոր փոքր յօդակապերն ու օղակները»:
Սաղմը
Հակառակ մարդկային մարմինը ճշգրիտ ձեւով գծելու իր ցանկութեան` Լէոնարտօ կը շարունակէր կառչած մնալ միջին դարերէն իր ժառանգած որոշ գաղափարներուն: Օրինակ, ան տակաւին կը կարծէր, թէ մարդկային սերնդագործական համակարգը ձեւով մը կը նմանէր բոյսերու սերնդագործութեան:
Այդ ժամանակներուն…
Լէոնարտօ 1511-ին շատ աւելի նուազ հասողութիւն ունէր դիակներու: Անոր բարեկամը` Մարքանթոնիօ տելլա Թորրէ մեռած էր համաճարակի պատճառով, իսկ Միլանոն ճնշուած էր պատերազմի տակ:
Լէոնարտօ խոյս տուած էր դէպի իր օգնական` Ֆրանչեսքօ Մելցիի քաղաքամերձ բնակարանը, ուր կը փորձէր շարունակել իր մարդակազմութեան աշխատանքը:
«Բոլոր հունտերը ունին պորտ մը, որ կը կտրուի, երբ հունտը կը հասուննայ,- կը գրէ Լէոնարտօ:- Նոյնպէս` անոնք ունին արգանդ մը եւ մաշկեր, ինչպէս ցոյց կու տան այն բոյսերն ու հունտերը, որոնք կ՛աճին տնկարաններուն մէջ:
Իր գծած սաղմին տակ Լէոնարտօ գծած է արգանդ մը, որ կը բացուի ծաղիկի պէս:
Իր մահով կիսաւարտ մնացած էր այն ճառը, որ ծրագրած էր գրել ան: Անոր մանրամասնութիւններով հարուստ գծանկարները ժառանգած էր իր օգնականը` Ֆրանչեսքօ Մելցի: Գիտութեան համար անյայտ մնացած էին անոր նախընթաց նուաճումները` դէպի սիրտ հոսող արեան ուսումնասիրութեան մէջ:
Ապրահամզի նման մարդակազմութեան մասնագէտներ կը հաւատան, թէ Լէոնարտոյի կատարած գործը իր ժամանակներէն 300 տարի առաջ էր եւ որոշ պարագաներու` շատ աւելի գերազանց, քան ինչ որ կը տեսնենք 19-րդ դարուն Կրէյի մարդակազմութեան ուսումնասիրութեան մէջ:
Անոնք կ՛ըսեն, թէ միայն վերջերս, երեք տարաչափութեամբ արհեստագիհութեան եւ շարժուն պատկերներու արհեստագիտութեան յայտնութենէն ետք է, որ յաջողած ենք Լէոնարտոյի ձեռքին եւ աչքին իրագործումներէն անդին վճռական քայլ մը առնել:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

