Պատմութիւնը Կը Դատէ. Սոկրատ` Անպարտ Հռչակուած

Սոկրատի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ալեքսանտր Ս. Օնասիս հիմնարկին մէջ: Կազմակերպիչները կ՛ըսեն, թէ իրադարձութիւնը նպաստաւոր էր Յունաստանի համար, որ այժմ կ՛ապրի տագնապալի օրեր եւ կը սպասէ յունիս 17-ի ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքները պիտի որոշեն, թէ երկիրը պիտի շարունակէ՞ մաս կազմել եւրոգօտիին:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ, ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ԿՐԿՆԵՆ ՍՈԿՐԱՏԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐԲԵՐԱԿՈՎ ԱՆՊԱՐՏ Կ՛ԱՐՁԱԿՈՒԻ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆ: ԱՆՈՆՔ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ ՍՈԿՐԱՏԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ Է ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՇԽՈՂ ՈՒԺԵՐԸ ԳՐԳՌԱԾ ՅՈՅՆԻՆ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»:
Դատաւորներ մազապուրծ անպարտ հռչակեցին Սոկրատը. այն փիլիսոփան, որ իր ուսուցումներուն պատճառով մահավճիռ ստացած էր հնադարեան Աթէնքի մէջ: Անոր դատավարութեան կրկնութիւնը տեղի ունեցաւ 10 օր առաջ եւ ծանուցուեցաւ իբրեւ դաս մը` ներկայ ժամանակներու յեղափոխութիւններուն եւ տագնապներուն մթնոլորտին մէջ:
Սոկրատ ի՛նք պաշտպանած էր ինքզինք Ն. Ք. 4-րդ դարուն տեղի ունեցած դատավարութեան ընթացքին: Սակայն այս անգամ, իր բացակայութեան, Միացեալ Նահանգներէն եւ եւրոպական երկիրներէ 10 դատաւորներ լսեցին յոյն թէ օտար առաջնակարգ իրաւաբաններու պաշտպանողական ճառերը: Իրադարձութիւնը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Օնասիս հիմնարկին մէջ:
Այնուհետեւ դատաւորները քուէարկեցին, թէ արդեօք Սոկրատ յանցաւո՞ր էր, եւ թէ` արդա՞ր էին անոր դէմ ուղղուած չարագործութեան, անհաւատութեան եւ երիտասարդները փճացնելու ամբաստանութիւնները:
Սոկրատ Ն. Ք. 399-ին իր մահապատիժը կրեց` խմելով մոլեխինդի (հեմլոք բոյսը) թոյն: Ան մահուան դատապարտուած էր հարիւրաւոր աթէնացիներէ բաղկացած դատական կազմի մը կողմէ: Սոկրատ մերժած էր մեղանչել եւ իր դատավարութեան ընթացքին նախատած էր դատաւորները, նոյնիսկ յոխորտալով վարձատրութիւն պահանջած էր իր արարքներուն համար:
Արդի ժամանակներու դատաւորները այս անգամ Սոկրատին խնայեցին անարգական մահը` արձակելով հաւասար վճիռ մը. 5 դատաւորներ յանցաւոր հռչակեցին զայն եւ 5 այլ դատաւորներ` անպարտ, ինչ որ հնադարեան Աթէնքի օրէնքին համաձայն, կը նշանակէր, թէ ան անպարտ էր:
Սոկրատի սկեպտիկ հետաքննութեան մօտեցումը, որ պահպանուած էր անոր աշակերտին` Պղատոնի կողմէ, ինչպէս նաեւ` հնադարեան բազմաթիւ հեղինակներու, հարցականի տակ կ՛առնէր աւանդական իմաստութիւնը` քաղաքականութեան, կրօնի եւ բարոյականութեան նման զգայուն հարցերու վերաբերեալ, որուն պատճառով ան շահած էր հզօր թշնամիներ:
Սոկրատ կը կրէր ժողովրդավարութեան թշնամիի խարանը, ամբաստանուած էր դաւաճանութեամբ` նախընտրելով թշնամի սպարտացիները, ինչպէս նաեւ` Աթէնքի հանրապետութեան դէմ բիրտ ապստամբութեան մը մէջ իր ներգործութեան համար, որովհետեւ ապստամբները խումբ մը սակաւապետներ էին, որոնց շարքին էին Սոկրատի կարգ մը աշակերտները:
«Սոկրատ մեր դիմաց կը յայտնուի համեստութիւն կեղծելով, սակայն ամբարտաւանութիւն ցոյց կու տայ», կ՛ըսէ Նիւ Եորքէն դատաւոր մը` Լորեթթա Փրեսքա, որ կը գլխաւորէր դատավարութիւնը եւ քուէարկած էր Սոկրատի դէմ:
«Ան վտանգաւոր յեղափոխական մըն է»:
Աւելի կանուխ Սոկրատի դատին համար պաշտպանողական մը արտասանած էր ֆրանսացի ականաւոր իրաւաբան Փաթրիք Սիմոն, որ ըսած էր. «Կարծիք ունենալը ոճիր մը չէ: Սոկրատ ճշմարտութիւնը կը փնտռէր»:
«Իմ պաշտպանեալս միայն մէկ թերութիւն ունի. ան կը սիրէ ծաղրել եւ կատաղի հեգնանք ունի: Զայն անպարտ արձակելով` ցոյց պիտի տաք, թէ որքա՛ն ամուր եւ վստահելի է ժողովրդավարութիւնը»:
Սոկրատի գրականութեան քաջածանօթ իրաւաբանները կու գային` Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Զուիցերիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
«Պատիժ պիտի չսահմանուի, որպէսզի այս դատավարութիւնը անտեղի կերպով չբարդացնենք», ըսած էր Փրեսքա: Դատական հետապնդումը կատարողները եւ այն դատաւորները, որոնք թեր քուէարկած էին Սոկրատը դատապարտելու, յայտնած էին, թէ չէին նախընտրեր մահապատիժը:
Նման դատավարութիւն մը տեղի ունեցած էր անցեալ տարի` Նիւ Եորքի մէջ, ուր Սոկրատ դարձեալ անպարտ հռչակուած էր:
Աւելի քան 800 հոգի տոմս գնած էր` ներկայ գտնուելու համար Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան, որ սփռուեցաւ www.sgt.gr կայքին միջոցով: Զայն դիտելու առաւելութիւնը կը վայելէին անոնք, որոնք այս կայքին միջոցով փոխանցած էին իրենց վճիռը:
Կազմակերպիչները կ՛ըսեն, թէ Սոկրատի դատավարութեան ընթացքին արծարծուած ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան հարցերը կ՛արձագանգեն համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ` նորագոյն ժամանակներու յեղափոխութիւններուն եւ տագնապներուն լոյսին տակ:
«Այստեղ կը վիճինք համաշխարհային հարցերու շուրջ, որոնք շատ սերտօրէն կ՛առնչուին մեր ժամանակներուն հետ», ըսած էր Օնասիս հիմնարկին նախագահը` իրաւաբան Անթոնի Փափատիմիթրիու, նախքան դատավարութիւնը:
«Օրինակ, անոնք սերտօրէն կ՛առնչուին Արաբական գարունին հետ»:
Կազմակերպիչները կ՛ըսեն, թէ իրադարձութիւնը նպաստաւոր էր նաեւ Յունաստանի համար, որ այժմ կ՛ապրի տագնապալի օրեր եւ կը սպասէ յունիս 17-ի ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքները պիտի որոշեն, թէ երկիրը պիտի շարունակէ՞ մաս կազմել եւրոգօտիին:
Քաղաքական արմատական ձախ թեւի Սիրիզա կուսակցութեան ղեկավար Անթոնի Ցիփրաս կը սպառնայ հրաժարիլ երաշխաւորագինի մը վրայ հիմնուած միջազգային համաձայնութենէ մը, որ կը միտի Յունաստանը փրկել դրամական փլուզումէ: Անոր կուսակցութիւնը առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ հարցախոյզերու արդիւնքներուն մէջ:
«Ճիշդ է, որ Յունաստան կ՛ապրի դժուար ժամանակաշրջան մը, սակայն կը հաւատանք, թէ պիտի յաղթահարենք այս հանգրուանը, այնպէս` ինչպէս յաղթած ենք հռոմէացիներուն, թուրքերուն, գերմանացիներուն եւ մոլեխինդին», կը կատակէ Փափատիմիթրիու:
«Նաեւ կը յուսամ, որ պիտի յաղթէ յոյն քուէարկողներուն իմաստութիւնը»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


