Վլատիմիր Փութին Ներկայ Պիտի Չգտնուի Լոնտոնի Ողիմպիականի Խաղերուն
Իր տեղեկութիւնը քաղելով reitingi.lv-էն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի չմեկնի Լոնտոն` ներկայ գտնուելու համար 2012-ի ողիմպիականի խաղերուն: Անոր փոխարէն բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի ըլլայ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:
Անգլիոյ հետ Փութինի ունեցած քաղաքական տարակարծութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան չմեկնի Անգլիա, հակառակ անոր որ ան միշտ ալ շատ մօտիկ եղած է մարզաշխարհին:
CATEGORIES Մարզական

