Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա – Սփըրզ` 102-82

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի փլէյ-օֆի աւարտականի մրցումին ծիրին մէջ, երէկ Օքլահոմա Սիթի, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր, 102-82 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի: Վերջինս, որ այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ, վերջին 50 օրերուն ընթացքին կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 22 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտական մրցումին, այսօր Մայեմի Հիթ հիւրը պիտի ըլլայ Պոսթըն Սելթիքսի: Վերջինս այժմ 2-0 արդիւնքով ետ կը մնայ:

Share this Article
CATEGORIES