Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան
Երէկ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, «Զուարթնոց» օդակայան ժամանեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հայրենի համակիրներուն կողմէ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Հայրենի ֆութպոլիստները դիմաւորելու եկած էին ՖԱՖ-ի եւ «Ռետ Իկըլզ»-ի շուրջ 70 համակիրներ:
Անոնք քաջալերեցին հաւաքականին մարզիկները` Յունաստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին համար, ինչպէս նաեւ անոնց յաջողութիւն մաղթեցին Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումին համար:
CATEGORIES Մարզական

