2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Վաղը` Լիբանան – Քաթար

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 3 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Մարզական աւանին մէջ կը հիւրընկալէ Քաթարը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

Երէկ` ուրբաթ, 1 յունիսին, Պէյրութ ժամանեց Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբին պատուիրակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 58 անձ (մարզիկ եւ պատասխանատու): Խումբը իր պաշտօնական փորձը պիտի կատարէ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մարզական աւանին մէջ:

Այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ժողով մը` գլխաւորութեամբ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ եւ այս մրցումին հսկող պատասխանատու Մընհեմ Ֆախուրիի (Յորդանանէն):

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Պահրէյնէն: Անոնք են` Նաուաֆ Ապտալլա Ղայյաս Շըքրալլա, Եասեր Խալիլ Ապտալլա Թըլէյֆաթ, Իպրահիմ Մուպարաք Սալեհ եւ Քամիլ Ժըմաա Ապտել Մուհսեն:

Այդ ժողովին յետմիջօրէի ժամը 12:30-ին պիտի յաջորդէ Լիբանանի եւ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբերու մարզիչներուն տալիք մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին անոնք պիտի պատասխանեն նաեւ լրագրողներու հարցումներուն:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի համակիրներուն, անոնք երէկ եւս շարունակեցին տոմսակներ գնել դաշտին կիշէէն եւ ֆետերասիոնին կողմէ ճշդուած վայրերէն:

Թիւ 12 մարզիկին` Լիբանանի համակիրներուն ներկայութեան, անկասկած խումբին մարզիկները շատ աւելի մեծ ոգեւորութեամբ պիտի կատարեն իրենց մրցումը` փորձելով առաւելագոյն երեք կէտը խլել մրցակիցէն` Պրազիլ մեկնելու յոյսերը միշտ վառ պահելով բոլորին մօտ:

 

Share this Article
CATEGORIES