Մարդը Մարդկայնացնելու Ամենավսեմ Միջոցը Կայ Ու Կը Մնայ Արուեստը…

«Լա Կազեթ» տէ զ՛Ար-ի շապիկը

«Լա Կա­զեթ տէ զ՛Ար» երկ­լե­զու (ֆրան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն), հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ար­ուես­տի պար­բե­րա­կա­նը այս տա­րի իր բա­ցա­ռի­կը նուի­րած է ապ­րի­լին Մո­նա­քո­յի մէջ կա­յա­ցած «Արթ Մո­նա­քօ-12» մի­ջազ­գա­յին կեր­պար­ուես­տի ցու­ցա­հան­դէ­սին: Կող­քի շա­պի­կին վրայ դրուած է Եր­ուանդ Քո­չա­րի «Գե­ղան­կար­չու­թիւն տա­րա­ծու­թեան մէջ» գոր­ծը` իբ­րեւ տար­ուան լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը, իսկ ներ­քին էջե­րէն երե­քը տրա­մադր­ուած են Երե­ւա­նի «Բարձր ար­ուեստ» ցու­ցաս­րա­հին եւ վեց էջ` «Նոա՛զ Արք» ցու­ցաս­րա­հին: Աւե­լի յատ­կան­շա­կա­նը այն է, որ մաս­նա­գի­տա­կան առաջ­նոր­դող յօդ­ուա­ծը վստահ­ուած է «Ազ­դակ»-ի եր­կա­րամ­եայ աշ­խա­տա­կից դոկտ. Մով­սէս Ծի­րանի­ին. յօդ­ուա­ծին բնա­գի­րը ստո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք ամ­բող­ջու­թեամբ` վե­րո­յիշ­եալ նկար­նե­րը կցե­լով անոր:

Անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող արուեստի դպրոցներն ու շարժումները ծնած ու կազմաւորուած են բարենպաստ կենսաձեւի թելադրականութեան եւ որոշ տարածաշրջանի մը նպաստաւոր պայմաններու մէջ: Ժամանակի ընթացքին անոնք տարածուած են ու երբեմն հասած` մինչեւ ծայրամասեր: Գեղեցիկի ըմբռնումը ու գեղագիտական տիրող աշխարհայեացքը վերափոխող ու կեանքը թարմացնող արուեստի այս շարժումներն ու դպրոցները որքան հեռացած են կեդրոնէն ու շփուած` այլ տեղական մշակոյթներու, այնքան աւելի պատուաստուած են ու նպաստած արուեստի զարգացման:

Այդպէս եղաւ հելլենիզմի ժամանակաշրջանին:

Այդպէս եղաւ մա՛նաւանդ վերածնունդի դարաշրջաններուն:

Արտայայտչաձեւի, գեղագիտական ըմբռնումներու եւ առհասարակ մշակութային ազդեցութիւններու ուժգնութիւնը, ոլորտն ու արագութիւնը կախեալ էին կրօնական, քաղաքական, տնտեսական, ինչպէս նաեւ ընկերային գործօններէն: Ժամանակէ ժամանակ, դարաշրջաններէ դարաշրջաններ եւ միջավայրէ միջավայր կը տարբերէին իրարմէ եւ յաճախ կ՛երկարէր դարերու վրայ:

«Նոազ արք»-ի նուիրուած 6 էջերէն մէկը

Սակայն Վերածնունդէն ետք, ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, տպաւորապաշտները յեղաշրջեցին կերպարուեստի հիմերը` դուռը բաց պահելով նորարարկան շարժումներու դիմաց: Իսկ քսաներորդ դարու սկիզբին յեղաշրջում յառաջացնող կերպարուեստի ուղղութիւններն ու շարժումները այնքան արագօրէն հանդէս եկան, որ տակաւին մէկը չտարածուած` ծնաւ յաջորդը:  Էմմանուէլ Քանտէն ներշնչուած` ֆրանսացի փիլիսոփայ Վիքթըր Քուզենի ձեւակերպած «Art for Art’s Sake» կարգախօսը գործնապէս հրապարակ իջաւ եւ կարճ ժամանակի ընթացքին արուեստագէտները ձեռք բերին արտայայտուելու բացարձակ ազատութիւն: Շատեր «ինկան» ծայրայեղութիւններու մէջ, որոնք դրսեւորուեցան Ցիւրիխի մէջ տատայիստներու կողմէ կազմակերպուած ելոյթներու 1915-1922 ինկած տարիներու ընթացքին:

Ասկէ ետք կերպարուեստի իզմ-երը սկսան տրոհուիլ, տարբաղադրուիլ ու բազմանալ: Կազմաւորուեցան խմբակներ, որոնցմէ շատեր փորձեցին ստեղծել իրենց անձնական իզմ-երը, եւ իւրաքանչիւրին քով արուեստը ստացաւ տարբեր իմաստաւորում, տարբեր մեկնաբանութիւն, հետեւաբար նաեւ` տարբեր արտայայտութիւն: Նոյնի՛սկ առանձին կերպարուեստագէտներ փորձեցին ստեղծել իրենց սեփական իզմ-ը:

Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն ետք Ռուսոյ Գերմանիոյ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգների (քիչ մը աւելի ուշ) եւս ձեւակերպուեցան կերպարուեստի նոր շարժումներ, հանդէս եկան նոր իզմ-եր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դրոշմը դրաւ ու հետքը ձգեց արուեստի պատմութեան վրայ:

«Լա Կազեթ»-ի առաջնորդող յօդուածը

Քսաներորդ դարու երկրորդ կէսուն գիտական նոր յայտնաբերումներն ու բարձր արհեստագիտութիւնը, լայն ու անսահման միջոցներ ընձեռնեցին կերպարուեստագէտներու: Անոնք յատկապէս մտապատկերային արուեստի մէջ յայտնաբերեցին ու կերտեցին արտայայտուելու նոր եւ տարբեր միջոցներ ու եղանակներ, որոնք յաճախ դարձան թելադրական ու տարածուեցան: Այնքան շատ, այնքան տարօրինակ ու այնքան հետաքրքրական արտայայտչամիջոցներ ու ոճեր ստեղծուեցան, որ անցնող դարու վերջաւորութեան արդէն իսկ կը կարծուէր, թէ կերպարուեստը սպառելու վրայ է, սկսած է ինքզինք կրկնել ու կ՛երթայ դէպի լճացում:

Այդպէս չեղաւ սակայն. մարդու ստեղծագործական մտքի ուժը, որ կը շարունակէ ստեղծագործել` համաձայն կեանքի հեւքին թելադրականութեան: Մէկ կողմէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իզմ-երը կը տրոհուին, կը տարբաղադրուին ու կը տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ միւս կողմէ` ստեղծուած են արուեստի կեդրոններ (որոնցմէ կարեւորագոյններէն Մոնաքոն է), ուր ազգային մշակոյթները կը խաչաձեւուին, իրարմէ կը ներշնչուին` ծնունդ տալով արտայայտչութեան նոր երանգներու, հարստացնելով ու զարդարելով Երկիր մոլորակի մշակոյթը…

Այսօր արդէն իսկ մուտք գործած ենք քսանմէկերորդ դար: Մարդը գեր-զարգանալով ու թռիչքային նուաճումներ արձանագրելով հանդերձ, կեանքը բարդացնող ու մարդ անհատը տագնապեցնող միջազգային հարցերը կը փորձէ լուծել: Ո՛չ գեղեցիկ գաղափարախօսութիւնները, ո՛չ մարդասիրական կրօնները եւ ո՛չ ալ մարդկային իրաւունքներու եւ համաշխարհայնացման ծրագրուած ու հետեւողական հետապնդումները կրցան մարդը մարդկայնացնել, ընդհակառակը, որոշ չափով մարդը մնաց նոյն ընչաքաղցն ու նոյն վայրենին:

Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս գրաւը կը դրուի մարդու ստեղծագործ մտքի ուժի, մարդը ազնուացնող գլխագիր ԱՐՈՒԵՍՏ-ին վրայ:

Քոչարի «Գեղանկարչութիւն տարածութեան մէջ» գործը

Իրաւ ու բարձրորակ արուեստագէտը, ի՛նչ հոսանքի ալ պատկանի, զարտուղի կամ արտակեդրոն ի՛նչ արտայայտչութիւն ալ որդեգրէ, ըլլայ ծայրայեղական թէ չափաւոր, լաւատես թէ յոռետես, որքան ալ փորձէ  ազատագրուիլ մարդկայնական «կապանք»-ներէ եւ կամ ձերբազատիլ` ստեղծագործական «բարոյական» ըմբռնումներէ, ան չի կրնար անտեսել եւ կամ լուսանցքայնացնել մարդ էակին դատողական-ստեղծագործական ուժը, որ կը զանազանէ զինք անասունէն եւ հեռու կը պահէ չարէն: Ստեղծագործողը (թէկուզ ենթագիտացաբար) հետամուտ կ՛ըլլայ, մաքրազտելու եւ բացայայտելու եւ դրսեւորելու մարդկային անփոխարինելի եւ անուրանալի այն արժանիքները, որոնք նախ անհպելի արժէք են, եւ ապա կախեալ չեն անհատի ազգային կամ քաղաքական պատկանելիութենէն, խելացութեան կամ ուսման մակարդակէն, մասնագիտութենէն կամ ձեռք բերած հարստութենէն, ֆիզիքական ուժեղութենէն կամ թուլութենէն: Երբ մարդուն կողմէ չգնահատուին ու չարժեւորուին մարդը մարդկայնացնող յիշեալ արժանիքները, ապա կեանքի կշռոյթը կը խախտի եւ դժբախտութիւնները կը սկսին:

Ժամանակի ընթացքին արուեստը փոխած է ու կը շարունակէ փոխել իր սահմանները, չափանիշները, արտայայտչամիջոցներն ու նոյնիսկ` իմաստը, սակայն ան էապէս կը մնայ նոյնը շարունակելու համար մարդը մարդկայնացնելու գործընթացը եւ հունաւորելու համար անոր կեանքը:

Անտրէ Մորուա իրաւացիօրէն կ՛ըսէ. «Մարդկութեան փրկութիւնը իսկական մարդկութեան ձեռքն է»: Սակայն իսկական մարդկութիւն ստեղծելու ամենավսեմ ու ամենաբարձր  միջոցը կայ ու կը մնայ ԱՐՈՒԵՍՏ-ը իր ամենախոր ու ամենալայն իմաստով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES