Նամակ 325
Համայն հայութեան համար յատկանշական է ապրիլ ամիսը, որուն ընթացքին ողջ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ յիշատակը իր միլիոնաւոր զոհերուն, որոնք ինկան Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ վերջ, եւ դժբախտաբար տակաւին կը շարունակուի: Իսկ մեզի` այնթապցիներուս համար, նոյնպէս իւրայատուկ ամիս մըն է անիկա, քանի որ 1 ապրիլ 1920 թուականին սկսաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնը` 314 օրեր տեւած, որ ցարդ անգերազանցելի կը մնայ իբրեւ կազմակերպութիւն եւ նուազագոյն զոհեր տուած կռիւ:
«Ազդակ»-ի 2 ապրիլի թիւով կը կարդանք Աւօ Գաթրճեանի մէկ յօդուածը` Այնթապի մասին, խիստ հետաքրքրական եւ ճիշդ ժամանակին լոյս տեսած: Թէեւ չենք ճանչնար զինք, բայց` շնորհակալութիւն: Եթէ կը փափաքի անդամակցիլ Այնթապի հայրենակցական միութեան վարչութեան, դռները բաց են:
Թող թոյլ տրուի, որ պատմութեան համար կատարենք կարգ մը ճշգրտումներ: Առաջինը, Լոս Անճելըսի հայրենակցականը շատոնց գոյութիւն չունի: Նորը հիմնուեցաւ համեստիս կողմէ, 1989-ին, գործակցութեամբ Աւետիս Տեմիրճեանի: Տե՛ս «Պատմութիւն Այնթէպի հայոց», Գ. հատոր, էջ 474, գլխաւոր խմբագրութեամբ` Ե. Պապայեանի: Այս հատորէն կրնամ օրինակ մը տրամադրել մեր յօդուածագիրին, եթէ փափաքի:
Ինչ կը վերաբերի այն տեղեկութեան, թէ սփիւռքի համայն այնթապցիութիւնը Նոր Այնթապի մէջ (նախկին Թազա գիւղ) հիմը դրաւ ժանեակի գործարանի մը, ըսենք, թէ, ցաւ ի սիրտ անիկա այսօր գոյութիւն չունի: Պէտք է հարցնել «թալանչիներուն», ըստ «Ոզնիի»: Հազա՜ր ափսոս:
Պէտք է յիշել նաեւ այն յուշարձանը, որ կառուցուեցաւ հայրենի կառավարութեան կողմէ` պանծացնելով 1920-ի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը: Քանի մը տարիներ առաջ ալ, ուրիշ հայրենակից մը` Վ. Եաղսըզեան, կառուցեց յուշաղբիւր մը` աւելցնելով շրջապատին գեղեցկութիւնը:
Հալէպի մէջ Կրթասիրաց մշակութային միութիւնը ձեռնարկած է հրատարակութեան գիրքի մը, որ պիտի բովանդակէ նմուշներ Այնթապի ձեռագործներէն, հագուստներէն եւ այլն:
Իսկ վերջին ծրագիրը, որ քիչ մը ………. գումարի մը կը կարօտի, մօտ 3 միլիոն տոլար, նոր Այնթապի մէջ կառուցել է եկեղեցի մը` յուշարձանին մօտիկ, որ պիտի յաւերժացնէ այնթապցիութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ առատաձեռնօրէն մասնակցին այս հանգանակութեան: Մանրամասնութիւններու համար դիմել վարչութեան:
Ստորեւ կը հրատարակենք մօրեղբօրս` Արմէն Մուրատեանի կողմէ 1957-ին գրուած յօդուածին մէկ բաժինի` Այնթապի հերոսամարտին մասին, որուն ականատեսն ու մասնակիցը եղած է ան:
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ի Փառս Ալլահին
Այնթապի թուրքերը տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն վրայ մինարէ մը կը կառուցանեն:
Այնթապի իսլամութիւնը, իր դիւային նախանձով, այդ եկեղեցւոյ շինութենէն ասդին հաշտ աչքով չէր դիտած այդ շէնքը, որ իր գեղարուեստական շինութեամբ եւ քաղքին վրայ իշխող դիրքով այդ շրջանակի համար ճարտարապետական հրաշալիք մը կրնայ նկատուիլ: Հայկական թաղերու ճիշդ կեդրոնը, բլրակի մը կողին վրայ կանգնած, իր գմբեթն ու զանգակատունը Արեւելքի յատուկ ջինջ ու յստակ երկնքի մը մէջ մխրճած, տարիներ շարունակ գրգռած էր իսլամին ախորժակը` որպէս միակ յարմարագոյն շէնքը, ուր կարելի ըլլար գոհաբանական աղօթքներ կարդալ Մոհամետի Ալլահին: Այդ նախանձով էր, որ այդ եկեղեցւոյ դիրքէն ու շքեղութենէն հրապուրուած` թուրքն ալ ուզեց ունենալ իր նման շէնքը եւ ան կառոյց Ալիտոլա ճամային, որ Ս. Աստուածածնի իբր նմանութիւն ձախողուածք մըն էր:
Պատերազմի շրջանին, սակայն, թուրքը թերեւս ապագայ պատասխանատուութեան մը վախով չէր կրցած իր տարիներու երազին իրականացումը տեսնել, այլ միայն զայն սէվգիյաթի վերածելով բաւականացած էր:
Երեսուն տարիներ այնթապցին քար կրած, գիշերը ցերեկին խառնած ու կերտած էր այդ հոյակապ տաճարը: Եւ միթէ այդ շէնքը ինքնին հեգնանք մը չէ՞ր` ուղղուած դէպի քաղքին մահմետականութիւնը:
Սակայն ան ոչ եւս է այժմ մեզի համար: Ոչ միակն է ան, ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ ալ վերջինը: Շէնքի մը կորուստը չէ, որ կ՛աւաղենք: Չ՛արժեր` ճարտարապետական ի՛նչ արժէք ալ ներկայացնէ ան: Անոր պէտք ալ չունինք արդէն: Բոյն մը առանց ճլվլուն թռչնիկներու ներկայութեան ոչինչ է:
Տուն մը առանց էակներու, առանց շէնշող մանուկներու` քարերու կոյտ մըն է: Մսուր մը, առանց Յիսուս մանկան, խորան մը ըլլալէ շա՜տ հեռու է: Խորան չմնաց, որ չքանդուէր, խաչքար չնաց, որ չտապալէր, սրբութիւն չմնաց, որ անարգանքի հպումը զգացած չըլլար:
Վայրկեանի մը մէջ յիշատակներ իրարու կը յաջորդեն խօլական վազքով մը:
Ո՞վ պիտի կրնայ հանգիստ շնորհել Նիկողոս աղայի մը ոսկորներուն, որուն ամիրայական ազդեցութեան շատ բան կը պարտի այնթապցին` ընդհանրապէս իր ազգային եւ մասնաւորապէս իր եկեղեցւոյն շինութեան գործին մէջ:
Որպիսի՞ գերմարդկային մի ուժ կարող է խաղաղեցնել հազարաւոր հաւատացեալներու խռոված աճիւնները, որոնց վրայ կառուցուած է Լուսաւորչի հաւատքին այդ կոթողը:
Բիւրաւորներ են անոնք, որոնք իրենց միտքն ու սիրտը, գանձն ու բազուկը ի սպառ դրին կերտելու համար Քրիստոսի այդ տունը, եւ որոնք ոչ եւս են: Որպիսի՞ աստուածներ կարող են հանդարտեցնել փիւնիկներ ծնանելու կոչուած այդ մոխիրները:
Միթէ կարելի՞ է չյիշել, որ մայրիկս, իրեն նման մայրիկներու ջերմեռանդութեամբ, զիս իր բազուկներուն մէջ այդ եկեղեցին տարած եւ հոն Ս. աւազանին մէջ փշեպսակ Աստուածորդւոյն հաւատքին դրոշմը դրած է իմ փոքր ճակտին:
Հոն, այդ միեւնոյն եկեղեցւոյ գմբեթին տակ, տարիներով խաչազարդ շապիկներ հագած եւ իմ մանկական ձայնով շարականներ եմ երգած, հաւատքի երգեր եմ կանչած:
Կարելի՞ է միթէ մոռնալ, թէ հոն այդ միեւնոյն եկեղեցւոյ կից, իր խոնարհութեան մէջ բարձր եւ իր պարզութեամբը վսեմ կրթական հաստատութեան մը մէջ եմ անցուցած իմ պատանեկան տարիներս, կեանքիս տարիներու ամէնէն անուշն ու անմոռանալին:
Այդ Ս. Աստուածածնի անուան եկեղեցին եղած էր պահապանը հին սերունդին եւ ներշնչարանը նորէն, Աստուծոյ մը նուիրուած սրբավայրէ մը աւելի կը սրբանայ աչքիս առջեւ, երբ պահ մը յիշեմ, թէ այդ միեւնոյն եկեղեցւոյ շուքին տակ էր, որ հայը դարբնեց 920-ի փառաւոր գոյամարտը:
Բախտի ի՜նչ հեգնանք… Տաճարէն վերջ մզկիթ` ի փառս Ալլահին:
ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

