Ռիթա Պոսնոյեանը
Զայն ճանչցանք ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին մէկ մասնիկին` Ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբին մէջ իբրեւ հաւատաւոր, մշակութային եւ աւանդապահ ընկերուհի, որ գործեց պատասխանատուութեամբ եւ բծախնդրօրէն:
Ընկերուհին խումբին հետ մտահոգուած, լաւագոյնը ստեղծելու երազով տագնապած, հարստացուց աշխատանոցի գանձարանը:
ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնը ամէն բանէ վեր` պահած էր սրտին մէջ, ան իր ուրախութեան աղբիւրն էր: Ընկերուհիին տեսլականն էր հայկական ասեղնագործութիւնը կատարելագործումի հասցնել, եւ իւրաքանչիւր աշխատանք, ստեղծագործութիւն, ցուցահանդէս կը թարմացնէր իր կեանքը, եւ այդ մէկը ան փոխանցեց իր զաւակներուն, ընտանիքի անդամներուն, եւ այսօր Պոսնոյեան, Տէր Պետրոսեան եւ Մահսերեճեան ընտանիքներ հաւատարիմ իրենց մօր կատարած աշխատանքին եւ ձգտումներուն, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնին կը նուիրեն 30.000 ամ. տոլար` ստեղծելու համար ձեռագործներու թանգարան մը:
Սիրելի՛ Ռիթա, թանգարանին իւրաքանչիւր անկիւնը, ձեռագործներու իւրաքանչիւր օրինակը, այցելուին պիտի յիշեցնեն քու տաղանդդ, հոգիիդ կամեցողութիւնը եւ ներշնչեն մեզ, որ շարունակենք գործը նոյն ոգիով:
Քու մահուանդ առիթով, նոյնպէս ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին նուիրուած 10.000 ամ. տոլարը պիտի յատկացուի Զոհրապ եւ Ռիթա Պոսնոյեան անունը կրող յատուկ ծրագիրի մը, որ նորանոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը:
Վարձքը կատար նուիրատուներուն եւ յիշատակը անթառամ մեր ընկերուհիին:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

