Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ողջ Օրինակներուն Կարիքն Ունինք Այսօր…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ ժամանեցի Պոլիս` Յովսէփ Շիշմանեան-Ծերենցի (1822-1888), Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1828-1868), Թովմաս Թերզեանի (1838-1909), Պետրոս Դուրեանի (1851-1872), Դանիէլ Վարուժանի (1884-1915), Միսաք Մեծարենցի (1886-1908) եւ ուրիշ բազմաթիւ մեծութիւններու «մե՛ր հին Պոլիսը» թէպէտ…

Բայց եւ այնպէս մերօրեայ հայօրրանը Հրանդ Տինքի, Զահրատի, Զարեհ Խրախունիի, Ռոպեր Հատտեճեանի, Վարդ Շիկահերի, Իգնա Սարըասլանի եւ այլ գրողներու, ինչպէս ալ պոլսահայ ծանօթներու եւ հարազատներու…

Բայց նաեւ հայաքաղաքն է 1700-էն սկսեալ հոս գործող Մխիթարեաններուն եւ 1825-ին պաշտօնապէս ճանչցուած «Վիեննական Մխիթարեան Բանկալթի լիսէ»-էն շրջանաւարտ մխիթարեանցիներուն, որոնց նոր տարեգրութեան մէջ պատմական օր մը հանդիսացաւ մայիս 31-ը:

Արդարեւ, 1811-էն եւ այս թուականէն ալ առաջ սկսած, ամէն տարի կատարուած ու մինչեւ օրը տեւող Տիրամօր մայիսեան ջերմեռանդութեան փակումին մասնակցող եկեղեցական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններու, ինչպէս ալ Մխիթարեան վանապատկան «Անարատ Յղութիւն Աստուածածնի» եկեղեցին լեցուցած հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան, կաթողիկէ թրքահայոց վիճակաւորը` Յովհաննէս արք. Չոլաքեան, հայր Սարգիս վրդ. Էրմենին ու Յակովբոս վրդ. Չոփուրեանին շնորհեց ծայրագոյն վարդապետութեան կարգը` «Գերյարգելի» յորջորջումով:

Թոյլ պիտի տաս, որ գրեմ պոլսահայութեան ցնծառիթն առթող նոր գերյարգելիներուն մասին, որոնք իրենց կեանքը նուիրագործեցին ու դեռ կը զոհաբերեն Աստուծոյ, ազգին եւ մարդկութեան համար: Այսպիսի ողջ օրինակներու պահանջ կայ այսօր…

Նախ, սակայն, պարտաւոր եմ յստակացնել, որ թէեւ Մխիթարեանները կարիքը չունին ներբողանքի, քանի հաւատացած են իրենց քահանայական ու կրթական կոչումին վսեմութեան ու գործին արդիւնաւէտութեան, բայց եւ այնպէս հլու կամակատարներն են իրենց աստուածային Վարդապետին աներկբայելի հրահանգին. «Դուք էք աշխարհին լոյսը: … Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդերու աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Հօր, որ երկինքն է» (Մտթ. 5,14,16):

Ահա, քառասուն տարիներ հայր Սարգիս ու հայր Յակովբոս Աստուծոյ կոչին հետեւելով եւ հնազանդութեան ձայնին անսալով` կամաւոր սիրով, անձնամոռաց գիտակցութեամբ ու բերքալից հունձքով ծառայեցին իրենց եկեղեցիին ու ժողովուրդին` անոնց հասցնելով եւ դաստիարակելով նորանոր սերունդներ «Վիեննական Մխիթարեան Բանկալթի լիսէ»-ին մէջ:

Հոս հաճելի է ինծի համար մէջբերել գերյարգելիութեան տուչութեան առիթով Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հովուապետին` Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին յղած «Հայրապետական գիր օրհնութեան, շնորհաւորութեան եւ բարեմաղթութեան» սրբատառ կոնդակէն այս վկայութիւնը. «Ոչ միայն ցնծացինք, այլ նաեւ փառք տուինք Աստուծոյ, որմէ կու գան «ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք», 1971 եւ 1973 տարիներէն սկսեալ ձեր կատարած առաքելութեան, ձեր վաստակած գործունէութեան ու վաստկած արժանիքին համար` Պոլսոյ թէ՛ Վիեննական Մխիթարեան լիսէին եւ թէ՛ պոլսահայ հասարակութեան մէջ:

Արդարեւ, Մեզի ծանօթ են ձեր հոգեսէր քահանայագործութիւնը, ձեր կրթական ծառայութիւնն ու ձեր դաստիարակչական արդիւնաւէտութիւնը, եւ այն` միշտ «ի փառս մեծագոյնս Աստուծոյ, ի պատիւ ամէնօրհնեցելոյ Կուսին Մարիամու, յօգուտ մանկանց եկեղեցւոյ եւ յօգուտ ազգիս հայկազնոյ», ինչպէս սովոր էր գրել ու սորվեցնել ձեր երանաշնորհ հիմնադիրը` Աստուծոյ ծառայ Մխիթար աբբահայրը»:

Նոյնպէս դրուատական խօսքով արտայայտուեցաւ գերյարգելիութեան տուչութեան հանդիսապետը` Յովհաննէս արք. Չոլաքեան, որուն մեծարեալները կը գործակցին քառասուն տարիէ ի վեր. «Սարգիս վրդ. Էրմեն եւ Յակովբոս վրդ. Չոփուրեան, մեր վաստակաշատ Վարդապետները, իրենց հոգեւոր պարտականութեան առընթեր, դաստիարակ եւ ուսուցիչ  են 40 տարիներէ ի վեր: Կուրծք տալով դժուարութիւններուն` կը շարունակեն քաջաբար իրենց այս առաքելութիւնը: Գիտութիւններու առընթեր, անոնք կու տան սաներու հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութիւն: Կը ջանան պատրաստել գիտուն, պարկեշտ քաղաքացիներ եւ օրինակելի քրիստոնեաներ»:

Իսկ օրուան ճառախօսէն` Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Յովսէփ ծ. վ. Թոփալեանէն կ՛առնեմ այս ներբողական տողերը. «Ո՜վ ազգակիցներս, ոեւէ անձ, կղերական թէ աշխարհական, հարուստ թէ չքաւոր, մեծատուն բարերար թէ լումայով օգնող, կը դատուի իր գործերէն եւ կը գնահատուի անոնց արդիւնքներով:

Ա՛յս է գերազանց պարագան մեր երկու մեծարեալներուն, որոնց գործերը հանրայայտ են եւ անոնց արդիւնքները բարձրորակ ու բազմազան են թէ՛ «Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդերու առջեւ» (Ղկ. 2,52): Իրենց խառնուածքով ու գործին մէջ` հայր Սարգիս եւ հայր Յակովբոս ազգային ու համազգային, մարդկայնական ու համամարդկայնական են` չդնելով խտրութիւն եւ տարբերութիւն գոյնի ու հասակի միջեւ, որովհետեւ բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք` ձգտող կատարելութեան…»:

Հուսկ, անվերջանալի են վկայութիւնները, որոնց լրումը կարելի է տեսնել այն իրողութեան մէջ, թէ 8 մարտ 2007-ին, Պոլիս, աւստրիական հանրապետութեան պաշտօնատար աւագ-հիւպատոսը հայր Սարգիս ու հայր Յակովբոս վարդապետներուն կուրծքերէն կախեց իր երկրին դաշնակցային նախագահին պարգեւատրած «Աւստրիոյ Հանրապետութեան արժանեաց արծաթեայ պատուախաչ»-երը:

Պոլիս, 31 Մայիս 2012

Share this Article
CATEGORIES