Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա – Սփըրզ` 2-2

Օքլահոմա Սիթիի (Թանտըր) յաղթական մարզիկները

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի աւարտականի չորրորդ մրցումը երէկ իրարու դէմ հանեց Օքլահոմա Սիթին (Թանտըր) եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Վերջինս թէեւ առաջին 2 մրցումներուն յաղթեց եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, սակայն Օքլահոմա ինքզինք վերագտնելով եւ արձանագրելով յաջորդական երկու յաղթանակ, արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2):

Անիկա իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց երէկ, երբ 109-103 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 36 կէտ, մինչ Սփըրզի մարզիկ Թիմ Տանքըն` 21 կէտ:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան շրջանի աւարտականի չորրորդ մրցումը: Այժմ Մայեմի Հիթ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Պոսթըն Սելթիքսը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պոսթընի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES