Այնճարի Մէջ ԼՕԽ-Ի Կազդուրման Նոր Կայանը «Ալեքսան Եւ Արաքսի Գլպաշեան» Կոչուեցաւ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Երկար տարիներու բաղձանքին եւ պահանջին իրագործման օրն է այս:
3 յունիս 2012-ին կատարուեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի աշխատանքային ծրագիրին անբաժան Կազդուրման կայանին, որ ամառնային օդափոխութեան եւ կազդուրման վերաբերեալ օգտաշատ է մեր կարիքաւոր եւ բնական բարիքներէ զրկեալ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար: Ծանօթ այս ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնելը աւելորդ կը նկատենք, որովհետեւ ան ամէն տարի ամրան եղանակին կ՛իրագործուի երկու ամիսներու վրայ երկարած, յուլիս-օգոստոսին:
Ծանօթ է նոյնպէս, թէ այս յոյժ կենսական ծրագիրին համար ԼՕԽ-ը սեփական կեդրոն մը չունէր: Մեր յիշողութիւնը թարմացնելու համար ըսենք, որ Կազդուրման կայանի ծրագիրը ունի իր պատմական անցեալը: Լիբանանի Պեքաա դաշտագետնին լայնահուն տարածքին մէջ գտնուող Շթորա աւանը եղած էր հայկական գողտրիկ եւ հովասուն շէն մը` հայկական դրոշմով: Գիւղը իր տեղն է իր հայկական պատկանելիութեամբ հողաշերտերով, առանձնատուներով, նաեւ մատուռով, հանդիսասրահով, որ 1940-ական տարիներէն սկսեալ մինչեւ 1975 (մինչեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին բռնկումը) կը ծառայէր իբրեւ հայկական օճախ մը, որուն հիմնադրութեան պատմականը կը պատկանի Նիկոլ Աղբալեանի: Ան եւս ունէր բնակարան, եւ փոքր գաղութ մը շնչաւորուած էր հոն իր դպրոցով եւ մատուռով: Հեքիաթին ճակատագիրը ունեցաւ նաեւ Շթորայի մեր գաղութը: Կար ու չկար բան մը, ափսո՜ս:
Յիշեցինք այս ամէնը` յիշելու համար, որ Շթորան եղած էր նաեւ Կազդուրման կայան` ԼՕԽ-ին կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ:
Տարիներ ետք, ամառնային այս ծրագիրը փոխադրուեցաւ Մեթն, Պուա տը Պոլոնեը դալարագեղ եւ հովասուն գիւղը, ուր սակայն մնաց կարճատեւ, դարձեալ լիբանանեան պատերազմին պատճառով:
Ազգային Բարերար Գլպաշեան
Ընտանիքին Նուէրը
Նուիրատուութեամբ ազգային բարերար Գլպաշեան ընտանիքին, հանգուցեալ ծնողաց` Ալեքսանի եւ Արաքսիի յիշատակին որոշուած էր Մեթնի Պուա տը Պոլոնեը գիւղին շոճիներով շրջապատուած հողատարածքի մը վրայ կառուցել ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանը: Բախտը չօգնեց այդ օրերուն, քանդիչ պատերազմին պատճառով: Բարերարները սակայն համբերեցին, սպասելով լաւ օրերու, բայց անցան 37 տարիներ: Կազդուրման կայանի աշխատանքները շարունակուեցան Այնճարի հայկական աւանին մէջ, անընդհատ: Այսօր Այնճար իբրեւ հայկական գաղութ, իր դալարածածկ ու ջրառատ բնութեամբ, շրջապատուած մրգաստաններով եւ պարտէզներով, յարմարաւէտ վայրը նկատուեցաւ կառուցմանը Կազդուրման կայանին, որուն հիմնարկէքը կատարուեցաւ կիրակի, 3 յունիս 2012-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու:
«Լաւ է ուշ քան երբեք» իմաստուն խօսքը ինքզինք արժեւորեց շնորհիւ Գլպաշեան եղբայրներու` Յակոբի եւ Վահէի, որոնք յարգեցին իրենց անմոռանալի ծնողաց` Ալեքսանի եւ Արաքսիի յիշատակը, վասն նորագոյն մեր կարիքաւոր սերունդին առողջ եւ կենսուրախ աճումին:
Այս նոր իրագործումով, ԼՕԽ-ը իր Շրջանային վարչութեամբ եւ մասնաճիւղերով եկաւ հաստատելու, թէ հաւատարիմ կը մնայ իր յանձնառութեան, ազգասիրական եւ մարդասիրական իր վսեմ առաքելութեան:

