Հայերը Պէտք Է Միասնական Ճակատ Կազմեն Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցութիւն Վարելէ Առաջ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի` հայկական սփիւռքին հետ երկխօսութիւն սկսելու ջանքերուն մասին վերջին յօդուածս բազմաթիւ արձագանգներու արժանացաւ` հայկական եւ թրքական շրջանակներու կողմէ:
Թրքական թերթերը, պատկերասփիւռի ընկերութիւններն ու կայքերը լայնածաւալ լուսաբանութիւններ կատարեցին հայերու հետ կապեր հաստատելու միտող Տաւութօղլուի փորձերուն մասին: Թրքական լրատուական միջոցները արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութիւնը կապեցին 2015-ին` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման ծրագիրներուն հետ:
Հայերը նոյնպէս մեկնաբանութիւններով ողողեցին համացանցային կայքէջերն ու «Ֆէյսպուք»-ը` յօդուածիս կապակցութեամբ, որ շրջանառուեցաւ ամբողջ աշխարհի տարածքին` անգլերէն, հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Հայերու արձագանգը, հասկնալիօրէն, լեցուն էր կասկածամտութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ: Հայաստանի պաշտօնատարները հանգիստ կը հետեւէին Տաւութօղլուի հանդիպումներուն վերաբերեալ զեկոյցներուն` զերծ մնալով որեւէ հրապարակային մեկնաբանութիւն կատարելէ, մինչդեռ Պոլսոյ հայկական մամուլը պարզապէս կը վերատպէր այն, ինչ որ այդ թեմային մասին կը հրապարակուէր թրքական մամուլով:
Հայ ընթերցողները յուզեց երկու հարց. ո՞վ պիտի ներկայացնէ սփիւռքը, եթէ հայերը սկսին բանակցութիւններ վարելու Թուրքիոյ հետ, եւ ճշգրիտ ի՞նչ են հայկական պահանջները` Թուրքիոյ կառավարութենէն:
Ասոնք չափազանց բարդ խնդիրներ են, որոնք պէտք է լրջութեամբ դիտարկուին աշխարհասփիւռ հայերուն կողմէ: Իտէալական պիտի ըլլար, եթէ սփիւռքի ներկայացուցիչները ընտրուէին իրենց երկիրներու հայ բնակիչներու քուէներուն միջոցով, ինչպէս առաջարկած էի նախկին յօդուածներուս մէջ: Ընտրուածները իրաւունք պիտի ունենան ներկայացնելու սփիւռքահայութիւնը` որեւէ բանակցութիւններու ընթացքին:
Այս ներկայացուցիչները պէտք է համաձայնեցնեն իրենց որոշումներն ու գործողութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու չափազանց կարեւոր խնդիրին շուրջ` միացեալ պատուիրակութիւն ստեղծելով: Դասեր քաղելով ձախողած հայ-թրքական արձանագրութիւններու փորձէն, յստակ է, որ հնարաւոր չէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն հաստատել առանց երկուքին` Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնակցութեան եւ համաձայնութեան:
Սփիւռքի ընտրովի կառոյցին բացակայութեան պարագային, հայկական երեք համահայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Հայաստանի կառավարութեան հետ միասին, կրնան նախաձեռնել բանակցութիւններու միացեալ խումբի մը կազմութեան: Պատուիրակութիւնը առաւել ներկայացուցչական դարձնելու նպատակով անոր մէջ կրնան ընդգրկուիլ համայնքային գլխաւոր կազմակերպութիւններ եւ ճանչցուած անհատներ, ներառեալ` Թուրքիոյ հայերու ներկայացուցիչը:
Չափազանց կարեւոր այլ հարց մըն ալ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններու օրակարգ մշակելն է: Ի՞նչ են հայերու ճշգրիտ պահանջները Թուրքիայէն: Ասիկա շատ լուրջ եւ զգայուն խնդիր մըն է, որ կը պահանջէ Հայկական հարցի մասին խոր գիտակցութիւն եւ բանակցութիւններ վարելու ռազմավարութեան ու մարտավարութեան մասնագիտութիւն:
Հայերուն համար ուսուցողական պիտի ըլլայ դիտել, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլն ու հրէական 23 գլխաւոր կազմակերպութիւններ միաւորուեցան` կազմելով Համաժողով` Գերմանիայէն հրեաներու նիւթական պահանջներուն համար, Ողջակիզման զոհերուն դիմաց փոխհատուցում ստանալու նպատակով, եւ թէ ինչպէ՛ս այս կազմակերպութիւնները համաձայնեցուցին իրենց դիրքորոշումները Իսրայէլի հետ, որ փոխհատուցման առանձին պայմանագիր կնքած էր Արեւմտեան Գերմանիոյ հետ: Տարիներու ընթացքին անոնց միացեալ ջանքերով հրէական սփիւռքի կազմակերպութիւններն ու Իսրայէլը Գերմանիայէն ստացան 70 միլիառ տոլար` որպէս փոխհատուցում:
Կարելի է յաւելեալ դասեր քաղել զանգուածային դատերէ, «էսփեսթոս»-ի ներգործութենէն, ապրանքներու համար պատասխանատուութիւնէն, ինչպէս նաեւ` Նիւ Եորքի Առեւտրական զոյգ շէնքերու կործանումէն եւ Մեքսիքայի ծովածոցը քարիւղ թափելէն յառաջացած ֆինանսական կարգաւորումներու օրինակներէն:
Այնուամենայնիւ, Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ կարեւոր տարբերութիւն մը կայ: Մինչդեռ հրեաները կոտորուեցան եւրոպական երկիրներու մէջ նացիական իշխանութեան լուծին տակ, հայերը կոտորուեցան եւ բռնի կերպով հեռացուեցան իրենց հայրենիքէն: Ուստի, դրամական ո՛չ մէկ վճարում կրնայ լիովին փոխհատուցել հայերը` իրենց պատմական հողերու կորուստին դիմաց: Հայերը պէտք է ոչ միայն պահանջեն իրենց անձնական կորուստներու փոխհատուցումը, այլ նաեւ` վերադարձը Արեւմտեան Հայաստանին, ինչպէս վճռած էր նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն` պահանջ մը, զոր Թուրքիան շարունակաբար կը մերժէ:
Եթէ լուրջ բանակցութիւններ սկիզբ առնեն, ապա հայերու միացեալ պատուիրակութիւնը պիտի կարենայ Թուրքիայէն պահանջել հետեւեալ նախնական քայլերը, որոնցմով Թուրքիան պիտի ապացուցէ իր բարեացակամութիւնը.
– Փոխհատուցել Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը.
– Վերականգնել եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին վերադարձնել կրօնական բոլոր սրբավայրերը.
– Վերադարձնել բռնագրաւուած անձնական եւ համայնքային բոլոր կալուածները իրենց հայ տէրերուն.
– Ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան համար յատուկ միջանցք մը` Տրապիզոնի թրքական նաւահանգիստը օգտագործելու համար առեւտրային նպատակներով.
– Թոյլ տալ հայերուն` առանց մուտքի արտօնագիրի այցելել Արարատ, Անի եւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայկական այլ պատմական վայրեր.
– Վերացնել Հայաստանի շրջափակումը.
– Վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պաշտօնական քաղաքականութեան եւ ջնջել Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը.
– Զերծ մնալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուղղուած թշնամական քաղաքականութենէն:
Համաձայնելու պարագային, այս միջոցառումները զգալի յառաջընթաց պիտի ըլլան Թուրքիայէն հայկական պահանջներու հետապնդման գործին մէջ, մինչդեռ տարածքներու վերադարձի խնդիրին կարելի է առանձնաբար դիմել` միջազգային իրաւական ատեաններ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

