Հաճելի Եւ Աշխատանքային Մթնոլորտի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Բացօթեայ Դասընթացք
Շաբաթ, 2 յունիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 1:00, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի «Լ. Շանթ» եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու աշակերտներու աւանդութեան վերածուած տարեկան բացօթեայ դասընթացքը` մասնակցութեամբ շուրջ 80 աշակերտներու, որոնց կ՛ընկերակցէին դպրոցի ուսուցիչները:
Աշակերտները երեք ժամերու ընթացքին նկարագրեցին բնութիւնը` այնպէս ինչպէս իրենք կը տեսնեն եւ կ՛ուզեն: Այս առիթով, մօտէն ծանօթանալու համար տարուած աշխատանքներուն, «Ազդակ»-ի թղթակիցը հանդիպում մը ունեցաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Հրաչ Այնթապեանի հետ, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութեան նպատակը տպաւորապաշտ դպրոցի աշխատանք կատարելն է` գծելով իրական պատկերը, բնութիւնը:
Այնթապեան ըսաւ, որ այս օրը առիթ մըն է գործնական առումով կիրարկելու դասերը, տեսնելու դասարանի ու բացօթեայ պայմաններու գոյներու տարբերութիւնները եւ բնութեան մթնոլորտին մէջ անցընելու ուրախ եւ հաճելի պահեր:
Յայտնենք, որ «Թ. Ռոսլին»-ի ամավերջի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Այս գծով Հրաչ Այնթապեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը միամեայ գործունէութիւնը ներկայացնելու եւ արժեւորելու լաւագոյն միջոցն է, մինչ աշակերտներուն համար` գործերը ցուցադրելու առիթ:

