Աղբերու Նուազեցման Միջազգային Օրուան Առիթով «Տոպրակ» Ծրագիրը` Պուրճ Համուտի Մէջ
3 յունիսը ամէն տեսակ աղբերու նուազեցման միջազգային օր է. այս առիթով տեղի կ՛ունենան տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել եւ անոր ցուցմունքներ տալ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աղբերը նուազեցնել` բնութիւնն ու կենսոլորտը խնայելու համար:
Այս ծիրին մէջ շաբաթ, 2 յունիս 2012¬ի առաւօտեան ժամը 10:00¬էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական, նորութիւն բերող եւ արդիւնաւէտ ծրագիր մը` «ՏՈՊՐԱԿ», որ շեշտը կը դնէր կերպընկալէ (նայլըն) տոպրակներու նուազեցման, վերամշակման եւ զանոնք վերստին գործածելու վրայ: Անիկա նաեւ կը նպատակադրէր կերպընկալէ տոպրակներու կուտակման հարցին շուրջ շրջանի բնակչութեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնել:
«Եանկ մեն՛զ քրիսչըն էսոսիէյշըն (Ուայ, Էմ. Սի. Էյ.) կազմակերպութիւնը, գործակցութեամբ` «ՏԵՍՄԻՄ» եւ «ՄԵՆԱ տիզայն» ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Մեսրոպեան վարժարանին եւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին իրականացուց «ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրը, որ մաս կը կազմէ «ՏԵՍԻՄ» ծրագիրին: Կերպընկալը ընտրուած է մեկնելով այն իրողութենէն, որ անիկա բնութեան մէջ տարբաղադրուելու համար ամէնէն շատ ժամանակի կարիքը ունեցող նիւթն է` շուրջ 400 տարի: Նման նախաձեռնութեան համար այս կազմակերպութիւնները Պուրճ Համուտի շրջանը ընտրած էին` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ հոն ժողովուրդը աւելի կեդրոնացեալ վիճակով կ՛ապրի, ունի պատկանելիութիւն, հոն կան թաղեր, ուրկէ աղբ հաւաքելը դժուար կը դառնայ, կան մեծ թիւով արուեստագէտ¬արհեստաւորներ, որոնք կրնան մեծապէս նպաստել կերպընկալէ տոպրակներու վերագործածութեան, ինչպէս նաեւ շուկայ ունեցող շրջան է, այդ պատճառով ալ տոպրակներու գործածութիւնը բաւական տարածուած է:
Աշխատանքային հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»ի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրէն կիներ, հայկական սկաուտական խումբերէն ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ անարատ յղութեան քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան եւ Շամլեան-Թաթիկեան վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ¬ի եւ ՀԲԸՄ¬ի սկաուտները:
Ժամը անգամ մը կրկնուող ծրագիրով, իւրաքանչիւր աշակերտական կամ միութենական խումբ նախ դիտեց այս առիթով պատրաստուած փաուըր փոյնթ ներկայացում մը, որուն մէջ կը բացատրուէր, թէ կերպընկալէ տոպրակները որքա՛ն դժուար կը տարբաղադրուին, նոյնիսկ գրեթէ չեն տարբաղադրուիր բնութեան մէջ, անոնց պատճառով որքան մեծ թիւով ծովային անասուններ կը սատկին, որքա՛ն մեծ վնաս կը հասնի բնութեան ու կենսոլորտին: Ապա աշակերտները եւ սկաուտները ծանօթացան ծրագիրին, նպատակներուն եւ իրենց ունենալիք դերակատարութեան:
Նշենք, որ վերոյիշեալ վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ տեղադրուած էին տուփեր, ուր աշակերտները հաւաքած էին իրենց տուներէն բերած կերպընկալէ տոպրակներ:
Տեսական բաժինէն ետք աշակերտներն ու սկաուտները` խումբ մը արուեստագէտ¬արհեստաւորներու հսկողութեամբ, այս տոպրակներով պատրաստեցին տարբեր զարդեղէններ, գօտիներ, պայուսակներ, աթոռներ եւ այլն: Անոնք գիտակցեցան, որ իրենք պարտականութիւն ունին կարելի եղածին չափ քիչ թիւով տոպրակ գործածելու եւ զանոնք վերստին օգտագործելու ձեւեր սորվեցան: Բաւական խանդավառ եւ արդիւնաւէտ օր մը ունեցան բոլորը:
«ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրի ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ պիտի տեղադրուին յատուկ սնտուկներ, որպէսզի ժողովուրդը հոն զետեղէ իր կերպընկալէ տոպրակները, որոնք իրենց կարգին պիտի տրուին արուեստագէտ¬արհեստաւորներու, վերստին պիտի օգտագործուին, նաեւ կազմակերպուած կերպով վերաբաշխուին վաճառատուներուն:
Պուրճ Համուտի մէջ ապրողները այս ծրագիրով կոչուած են օժանդակելու կենսոլորտին ու բնութեան հասած վնասներու նուազեցման եւ իրենց շրջապատի կացութեան բարելաւման:
«ՏՈՊՐԱԿ»-ը արդիւնաւէտ եւ հետաքրքրական ծրագիր մըն է` իր նորութիւններով` տոպրակներու վերագործածութեան, ժողովուրդը իրազեկ դարձնելու եւ յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ զանոնք եւս այս մասին տեղեակ պահելու իմաստով:

