«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի երկամեայ կրթական ծրագիրը աւարտող աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 2 յունիս 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու եւ բեմադրիչ Ռոպէրթ Առաքելեան, որ նշեց, որ «Արեգ»-ը միայն դերասանական դպրոց չէ, այլ` թատրոնը սիրողներու հաւաքավայր: Ան ըսաւ, որ «Արեգ»-ի մէջ կը պահպանուի աշակերտին անհատականութիւնը եւ աշխատանք կը տարուի զարգացնելու ենթակային իւրայատկութիւններն ու կարողականութիւնը:

Ան շեշտեց, որ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի փորձերուն իբրեւ հանդիսատես կը մասնակցին «Արեգ»-ի աշակերտները, որպէսզի ձեռք բերեն փորձառութիւն եւ ծանօթանան «Գ. Իփէկեան»-ի գործունէութեան: Առաքելեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ին, «Վանայ ձայն»-ին եւ «Օ.Թի.Վի.»-ի հայերէն լրատուական բաժինին, որոնք միշտ լուսարձակի տակ կ՛առնեն դպրոցի գործունէութիւնը:

Ապա աշակերտները տոմսերու ընդմէջէն կիրարկեցին կրթական դասընթացքին մաս կազմող գործնական գիտելիքներ, որոնց մէջ կը բացայայտուէին աշակերտներու բեմական կեցուածքը, բանաւոր արտայայտութեան ունակութիւնը, շարժուձեւերը, դէմքի արտայայտութիւնները…

«Արեգ»-ի 18 շրջանաւարտները նաեւ ներկայացուցին «Աշուն» եւ «Քանդակ» (նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին) մնջախաղային ներկայացումները, ինչպէս նաեւ «Սափրիչ» եւ «Շունն ու կատուն» թատերական ներկայացումները: Աշակերտներու կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին:

Աւարտին, խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ նշեց, թէ այս հանդէսի ներկայացումները բաւարար ցուցանիշներ են հաստատելու, որ դպրոցին մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին կը կատարուի հսկայական աշխատանք: Գապասագալեան յոյս յայտնեց, որ աւարտականները «Արեգ» թատերախումբին մէջ ունենան իրենց բեղուն մասնակցութիւնը: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի կառոյցին մէջ գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները հոգեպէս արմատներուն կապուելով կ՛ապրին հայկական մշակութային առողջ մթնոլորտի մէջ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականներու բաշխումով:

 

Share this Article
CATEGORIES