Լիբանանի Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումներուն Իր Տոմսը
Շաբաթ, 2 յունիսին տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումները` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Ռըսոլի դէմ, 38-30 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Պուրճ Համուտի մարզիկները, որոնք Ա. կիսախաղը աւարտեցին 21-19 արդիւնքով յառաջանալով իրենց մրցակիցին վրայ, այսպիսով ապահովեցին ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսը: Վերջին հանգրուանի մրցումին, եթէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաղթանակ մը արձանագրէ, պիտի գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը, իսկ պարտութեան մը պարագային` 3-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմին, անիկա 57-38 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլէն: Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները Ա. կիսախաղին 21-20 արդիւնքով կը յառաջանային, սակայն մրցումը աւարտեցաւ Անդրանիկի յաղթանակով: Ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը ապահովելու համար ՀՄԸՄ Պէյրութ վերջին մրցումին պէտք է յաղթանակ արձանագրէ:
Ստորեւ` 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
| ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ | ԺԱՄ |
| ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ | 17:30 |
| ՀՄԸՄ Պէյրութ – Հուփս | 19:00 |
| Ժամհուր – Ռըսոլ | 20:30 |
| ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ | |
| Թատամոն Զուք – Պիլիվըրզ | 19:00 |

