2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան «Ոսկեայ Ափսէի» Վրայ 3 Կէտը Նուիրեց Քաթարի. Իրան Եւ Ճափոն` Յաղթական

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի չորս մրցումներ տեղի ունեցան երէկ` Ա. եւ Բ. խմբակներուն մէջ:

Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանան, որ Մարզական աւանին մէջ հիւրընկալեց Քաթարը, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:

Երէկուան այս մրցումին, որուն ներկայ էին 45 հազար համակիրներ, Լիբանան մրցումին 3 կէտը «ոսկեայ ափսէի» վրայ հրամցուց Քաթարի, որ իր դաշտէն դուրս բաւական արժէքաւոր յաղթանակ մը արձանագրեց:

Հակառակ անոր որ մրցումին Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Լիբանան կրնար 1-0 արդիւնքով յառաջանալ, եթէ քաթարցիներուն ուղղահայեաց բերդին սիւնը չզսպէր դաշտին տիրոջ մարզիկներուն կողմէ ուղարկուած զօրաւոր մէկ հարուածը:

Բ. կիսախաղին 64-րդ վայրկեանին պատահեցաւ անսպասելին, եւ Լիբանանի յետսապահներէն Ռամեզ Տիուպի գործած աններելի մէկ սխալին պատճառով հիւր կազմը նշանակեց իր եւ մրցումին միակ կոլը:

Արդարեւ, ան դէպի ետեւ սխալ թեթեւ փոխանցում մը կատարեց իր բերդապահին: Սակայն մրցակից կազմի յառաջապահ, ծնունդով ուրուկուէյցի Սեպասթիան Սորիա շատ աւելի արագ շարժելով, գնդակը խլելով եւ գերազանցելով բերդապահը, գնդակը զետեղեց անպաշտպան բերդին մէջ:

Մեծ եղաւ յուսախաբութիւնը լիբանանցի հազարաւոր համակիրներուն, որոնք նման աններելի սխալ մը չէին սպասեր, եւ այդ մէկը` այսքան կարեւոր մրցումէ մը, նկատի ունենալով, որ Լիբանան քայլ մը միայն հեռու է 2014-ի Մոնտիալին կարեւոր տոմս մը ապահովելէ:

Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի (երկու խմբակ) առաջին երկու դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն Պրազիլի իրենց տոմսերը:

Թէեւ լիբանանցիք իրենց ստացած այդ կոլէն ետք փորձեցին պատասխան կոլ մը նշանակել, սակայն այդ մէկը դժբախտաբար տեղի չունեցաւ: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Եուսեֆ Մոհամետ լաւ առիթ մը ունէր նշանակելու Լիբանանի հաւասարութեան կոլը, սակայն դժբախտաբար այդ մէկը տեղի չունեցաւ եւ Լիբանան կրեց իր առաջին պարտութիւնը:

Ուրբաթ, 8 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Լիբանան իր դաշտին վրայ մրցում մը եւս ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Ուզպեքիստանը:

Վերջինս երէկ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրանէն, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (94-րդ), Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Մոհամետ Խալաթ – Պարի նշանակեց Իրանի եւ մրցումին միակ կոլը:

Ինչ կը վերաբերի Բ. խմբակին մրցումներուն, Ճափոն իր դաշտին վրայ բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օմանը: Քէյսուքէ Հոնտա (12-րդ), Ռիոշի Մայետա (52-րդ) եւ Սհինժի Օքազաքի (54-րդ) նշանակեցին ճափոնցիներուն երեք անպատասխան կոլերը:

Նոյն խմբակին մէջ Յորդանան Իրաք մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Նասհաթ Աքրամ նշանակեց Իրաքի կոլը (14-րդ), իսկ Մոհամետ Քասսիտ` Յորդանանի կոլը (43-րդ):

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES