Ռոման Պերեզովսքի Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան. Ան Տասը Օր Ետք Կ՛Ապաքինի

Ռոման Պերեզովսքի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի իր խմբակիցներուն հետ 2 յունիսին Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած փորձերուն չմասնակցեցաւ` նկատի ունենալով որ ան ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ ան ոտքի հետ կապուած հարցեր ունէր, շատ արագ ենթարկուեցաւ այդ վիրաբուժութեան:

Ան տասը օր ետք ամբողջութեամբ ապաքինած կ՛ըլլայ:

Նշենք, որ Աւստրիայէն վերադառնալէն ետք, հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ պատրաստուելու համար 5 յունիսին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան – Ղազախստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:

 

Share this Article
CATEGORIES