Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛Ուղղէ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Մասնակցելու Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն անսալու իրենց խղճին եւ քաջասրտութեամբ ու պատասխանատուութեան ոգիով մասնակցելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին, որ հրաւիրուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES