Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը սուրիացիները տուն ղրկելու իմաստով պաշտօնական ոչ մէկ որոշում տուած է:
ՀԱԼԷՊԻ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին առնչութեամբ թրքական իշխանութիւնները Լիբանանէն պահանջած են այդ հարցին վրայ կեդրոնացումը թեթեւցնել եւ զայն լուսարձակներէ հեռու պահել: Այս ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Թուրքիա չէ հրաժարած առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մէջ իր ունեցած ներդրումէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք պիտի մասնակցին Լիբանանի ազգային երկխօսութեան, որուն շնորհիւ լիբանանեան պետութիւնը կարելիութիւնը պիտի ունենայ ազգային միջավայր մը ստեղծել եւ քաղաքացիներուն հարցերը հոգալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա անհրաժեշտ կը նկատէ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը մասնակցին Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ Սուրիա կարենայ իր դիմագրաւած տագնապը լուծել քաղաքական երկխօսութեամբ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքները կ՛օժանդակեն Իսրայէլի եւ կը ջանան Լիբանանը միջամուխ դարձնել սուրիական տագնապին:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է դուրս գալ երկմտանքի ու վարանումի քաղաքականութենէն եւ անցնիլ վճռորոշ բնոյթ ունեցող քաղաքականութեան մը գործադրութեան:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու խորհրդական Հիւսէյն Խալիլի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Քննարկուած են կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը եւ զայն լուծելու հեռանկարները:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանէն փախուստ տուած պաղեստինեան ցանցին անդամները վերադարձան Այն Հելուէ գաղթակայան:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը տրամաբանական լուծում է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:

