«Թուրքիա Իսրայէլի Սպասուհին Է» Կ՛Ըսէ Զօր. Սաֆաւի
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի սուրիական տագնապի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը կարծր քննադատութեան ենթարկած է:
«Ամերիկացիները, իսրայէլացիները եւ որոշ արաբական երկիրներ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Թուրքիոյ պատուիրած են իրենց նպատակներուն հասնելու խնդիրը` Պաշշար Ասատի կառավարութեան յեղաշրջման կազմակերպումը», ըսած է զօր. Սաֆաւի:
Ան աւելցուցած է, որ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան կը գործեն սիոնականութեան եւ Միացեալ Նահանգներու շահերուն հիմամբ: «Անոնք յոյս ունին թուլացնել եւ կործանել հակազդեցութեան առանցքը, որ կազմուած է Իրանէն, Սուրիայէն եւ Հըզպալլայէն», ըսած է ան:
Զօրավարը միեւնոյն ժամանակ թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները «լաւ» բնորոշած է եւ յոյս յայտնած, որ սիոնական խարդաւանքները զանոնք չխաթարեն:

