«Մենք Քաղաքական Հարց Չենք Դիմագրաւեր, Այլ` Սադրանքի Ծրագիր Եւ Ահաբեկչութեան Ճամբով Հայրենիքի Քանդում» Ըսաւ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ իր երկրին նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստի բացման ընթացքին խօսք մը արտասանեց` յայտնելով, որ բարեփոխումներ կատարելով` «մեր դէմ կատարուող յարձակումները ետ կը մղենք եւ անսասան պատուար մը կը կառուցենք»: Ան ըսաւ, որ քաղաքական հոլովոյթը յառաջ կ՛ընթանայ, սակայն ահաբեկչութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը բարեփոխումով եւ երկխօսութեամբ չէ հետաքրքրուած, որովհետեւ պարտականութիւն մը ստանձնած ոճրագործ մըն է, որ գործելէ պիտի չդադրի մինչեւ իր առաքելութիւնը չամբողջացնէ կամ մենք զինք չկանգնեցնենք, «ուստի ահաբեկչութեան եւ քաղաքական հոլովոյթին միջեւ տարբերակումը հիմնական հարց է, որովհետեւ մենք քաղաքական հարց չենք դիմագրաւեր, այլ` սադրանքի ծրագիր եւ ահաբեկչութեան ճամբով հայրենիքի քանդում»:
Ասատ երեսփոխաններուն յայտնեց, որ «մենք իսկական պատերազմ մը կը դիմագրաւենք, իսկ պատերազմ դիմագրաւելը ներքին հարցերու դիմագրաւումէն տարբեր է, ուստի որեւէ քաղաքական աշխատանք պէտք է արդիւնաւէտ ազգային երկխօսութեան վրայ կեդրոնանայ»: Ան ըսաւ, որ «դռները տակաւին բաց են, եւ մենք միշտ պատրաստ ենք երկխօսութեան»` աւելցնելով, որ տարբեր ուժեր երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնած են, «սակայն արտասահմանին հետ երկխօսութիւնը կը մերժենք»:
Ասատ ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, որպէսզի հայրենիքը «դարմանուի»` նշելով, որ «ազգային ապահովութիւնը կարմիր գիծ մըն է եւ անոր վնաս հասցնողին կարելի չէ ներել»: «Քաղաքական լուծումը սահմանադրութեամբ չի սկսիր, այլ` ըմբռնումներու, իսկ բազմակարծութիւնը ո՛չ տագնապը կը նշանակէ, ո՛չ ալ` բախում»:
Սուրիոյ նախագահը նշեց, որ «թշնամին արդէն ներսն է»` աւելցնելով, որ «մենք այսօր դատ մը եւ հայրենիք կը պաշտպանենք, եւ ոչ թէ արիւնահեղութիւն կը սիրենք: Իսկ մեզի դէմ լրատուական յարձակումը կը կատարուի պատմութեան լուսանցքին վրայ ապրող երկիրներէ»: «Ես ներսը գտնուող գործակալի մը կամ արտասահմանի մէջ գտնուող դաւադիրի մը մասին չեմ խօսիր, այլ կ՛այպանեմ ամէն սուրիացի, որ իր երկիրը սիրեց, սակայն չգիտցաւ զայն ինչպէս պաշտպանել ու անոր հարուածումին մասնակցեցաւ», ըսաւ ան:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ մինչեւ իսկ գազանները Հուլայի մէջ եղածները չեն ըներ: «Մեր դիմացկուն ժողովուրդը սովի մատնելու եւ պաշարման փորձի ենթարկուեցաւ: Այդ բոլորը անցուկ են: Մենք ականատես կը դառնանք ստրկացման երկիրներէ եկող ժողովրդավարութեան մասին խրատներու», յայտնեց Ասատ` աւելցնելով, որ «մեր կամքով դժուարութիւնը պիտի շրջանցենք եւ միասնականութեամբ թշնամիները պարտութեան պիտի մատնենք»:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին իսկական լուծումը սուրիացի անհատներու պաշտպանութիւնն է, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը զէնք ունի: «Սուրիոյ մէջ անջատման գօտիի ստեղծումը Ապահովութեան խորհուրդին կը վերաբերի», նշեց ան` շեշտելով, որ «ընդդիմութիւնը անզէն է, իսկ վարչակարգին ամէն կողմէ զէնքեր կու գան»: Ան յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակին երկու ամիս ետք հրապարակելիք զեկուցումը «յստակ ըլլայ»:
Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը Անանի ծրագիրին նման ծրագիրները ընդունելով, ապա չգործադրելով կը փորձէ ժամանակ շահիլ, որպէսզի սպանութեան եւ ճնշումի ճամբով Սուրիոյ մէջ դժգոհութեան վերջ տայ: «Սուրիական վարչակարգը ձգձգում ու խուսանաւում կը կատարէ», ըսաւ ան:
Անան Քաթարի մէջ Սուրիոյ շուրջ Արաբական լիկայի խորհրդակցութեանց ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա «դէպի քաղաքացիական պատերազմ կը գլորի»` աւելցնելով, որ ամբողջական պատերազմի ուրուականի իրականութիւն դառնալու վտանգը օրէ օր կ՛աճի:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիուն իր կարգին յայտնեց, որ ինք «պիտի ողջունէր արաբական երկիրներու Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը, որովհետեւ ատիկա կրնայ վերջ դնել ապստամբներուն եւ խաղաղ քաղաքացիներուն դէմ նախագահ Պաշշար Ասատի զօրքերուն յարձակումներուն»:
Մինչ այդ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան յայտնեց, որ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ առանց ՄԱԿ-ի լիազօրութեան որեւէ զինուորական գործողութեան պիտի չմասնակցի: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ նախագահը տապալելու համար անոր վրայ ճնշումներն ու պատժամիջոցները պէտք է աւելցնէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շաբաթ օր ողջունեց ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբին կողմէ Սուրիոյ դատապարտումը եւ անգամ մը եւս Ասատին կոչ ուղղեց իշխանութենէն հեռանալու:
«Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած մեր պատգամը յստակ է. «Աշխարհը ձեր կողքին է եւ տեղի ունեցող բռնութեանց պատճառով ձեր տառապանքը պիտի չանտեսենք», իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին` «ձեր ժողովուրդին դէմ մարդկային իրաւանց աղաղակող բռնաբարումներուն վերջ տալու եւ իշխանութենէն հեռանալու ժամանակը հասած է, որպէսզի Սուրիոյ մէջ խաղաղ ու ժողովրդավարական փոխանցման հանգրուան մը յառաջանայ»:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական կողմը վերաբացած է վեց ամիսէ ի վեր փակուած Թուրքիոյ հետ Թել Ապիատ սահմանային անցքը:
Ուրֆայի նահանգի եւ նշեալ սահմանային անցքի կէտին մօտ գտնուող Աքաքալի գիւղի գիւղապետը` Ապտել Հաքիմ Այհան հաստատած է, որ «շրջանի տնտեսութեան համար կարեւոր աղբիւր եղող» անցքի կէտը բացուած է:


