Թահրիր Հրապարակի Գործիչները Կը Շարունակեն Ճնշում Բանեցնել

Եգիպտացի ցուցարարներ` Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ

Հարիւրաւոր եգիպտացի ցուցարարներ երէկ դարձեալ հաւաքուեցան Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ` իբրեւ բողոք Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի դէմ արձակուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռին, որ Եգիպտոսի տարածքին ժողովրդային զայրոյթ յառաջացուց: Անոնցմէ շատեր կը բացագանչէին «Անկցի զինուորական իշխանութիւնը»:

Շաբաթ օր նախկին նախագահին եւ անոր ապահովական օգնականներուն դէմ արձակուեցան վճիռներ, որոնք շատերու կողմէ մեղմ կը նկատուին: Պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ նշեալ ցոյցերուն ընթացքին աւելի քան հարիւր վիրաւորներ արձանագրուած են:

Մուպարաք եւ իր ներքին գործոց նախարարը` Հապիպ Ատելի, շաբաթ օր անցեալ տարուան ժողովրդային ըմբոստութեան ընթացքին ցուցարարներու սպանութեան մեղսակցութեան համար ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցան: Մուպարաք եւ անոր որդիները փտածութեան ամբաստանութիւններէն անպարտ արձակուեցան: Մուպարաք մահապատիժ կը դիմագրաւէր:

Իսլամ եղբայրներու նախագահական թեկնածու Մոհամետ Մուրսի հրապարակին վրայ շրջելով կոչ ուղղեց յեղափոխութիւնը շարունակելու: Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Մուպարաքն ու անոր վարչակարգի պաշտօնատարները վերստին պիտի դատէ:

Անոր մրցակիցը` նախկին վարչապետ Ահմետ Շաֆիք, ժողովուրդին աշխարհիկ ու արդար պետութիւն մը խոստացաւ` նշելով, որ «Իսլամ եղբայրները հին վարչակարգն են»:

Նշենք, որ Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը երէկ որոշեց Մուպարաքի դատական հարցին մէջ արձակուած վճիռները վիճարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES