Նախագահ Սլէյման Ուղղուեցաւ Քուէյթ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քուէյթ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյմանին ընկերակցող պատուիրակութիւնն ու Քուէյթի պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները` լիբանանցիներուն եւ քուէյթցիներուն ծառայութեան եւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը պատրաստ է Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն նպաստելու:
Այս ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի եւ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին միջեւ քննարկուած գլխաւոր թղթածրարը եղաւ շրջանային իրավիճակը:
Ասիրի աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը հաստատեց, որ ինք յանձնառու է, որ այդ իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը չունենան Լիբանանի վրայ: Ան նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը հաստատած է, որ Ռիատ պիտի չարգիլէ իր քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութիւնը:
Մինչդեռ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Դամասկոս նեղացած է լիբանանեան-սէուտական վեհաժողովէն եւ զայն նկատած է առիթ մը, որուն ընթացքին սէուտական հոգատարութիւնը Լիբանան մուտք կը գործէ Պաապտայի պալատին ընդմէջէն:


