Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Միջեւ Զինեալ Բախումները Վերջ Կը Գտնեն Բանակին Տեղակայումով
Շաբաթավերջին Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնն ու հրթիռարձակումը շարունակուեցան: Կացութիւնը հետզհետէ աւելի լարուեցաւ` պատճառելով 15 զոհեր եւ վիրաւորելով աւելի քան 60 ուրիշներ:
Թրիփոլիի զինեալ միջադէպերը սկսան իրենց սովորական ընթացքով, այսինքն` նկատի ունենալով տուեալ շրջաններուն մէջ տիրող դիւրաբեկ կայունութիւնը, որեւէ շրջանի մը կողմէ հրթիռարձակում, կրակոց կամ արձակազինութիւն արդէն բաւարար քայլ է հրահրելու զինեալ բախումները եւ ստեղծելու ապահովական ապակայուն իրավիճակ:
Զինեալ միջադէպերուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ, հրասանդեր, իներկաներ, «Պէ. 10» տիպի հրթիռներ եւ նռնականետեր:
Կիրակի կէսօրին զինեալ միջադէպերը համեմատաբար աւելի հանդարտեցան եւ շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակը սկսաւ տեղակայուիլ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բոլոր փողոցներուն մէջ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ յայտնեց, որ բանակի ջոկատները տեղակայուած են Թրիփոլիի բոլոր թաղերուն մէջ:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին բանակին տեղակայումին ընթացքին, Պապ Թըպպանէի մէջ բանակին եւ զինեալներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Ներքին ապահովութեան ուժերու Թրիփոլիի զօրամասի պատասխանատու զօր. Պասսամ Այուպի յայտնեց, որ իրենք պիտի պատասխանեն իւրաքանչիւր արձակազէնի եւ ապահովութիւնը խախտող կողմի` զանոնք թիրախ դարձնելով: Ան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն գործակցելու բանակին հետ` վերահաստատելու համար ապահովական կայունութիւնը:
Բանակին տեղակայումով Ժապալ Մըհսենի, Պապ Թըպպանէի, Պաքքարի, Սուրիա պողոտայի, Մանքուպինի, Ռիֆայի, Հարեթ Սայտէի, Շաարանիի եւ Հարեթ Պարրանիէի մէջ զինեալ երեւոյթները վերջ գտան:
Շաբաթ երեկոյեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ այլ պատասխանատուներու եւ զինուորականներու, ինչպէս` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ինքնազսպումի կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն եւ ապահովութեան ուժերէն խնդրեց Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թրիփոլիի պատասխանատուները բոլոր զինեալներէն պիտի վերցնեն իրենց քաղաքական հովանաւորութիւնը, եւ կոչ ուղղեցին ապահովութեան ուժերուն երկաթեայ բազուկով հարուածելու ապահովութեան խախտումները:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պիտի գործադրուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է` գործադրելու այդ ծրագիրը: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կացութեան խախտումի հարցը պէտք է լուծել գիտակցօրէն, որովհետեւ հիւսիսի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները երկրին ապահովական կայունութիւնը կը վտանգեն:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել իր կարգին յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակչութեան 99 առ հարիւրը կը մերժէ զինեալ բախումները` աւելցնելով, որ տուեալ շրջաններուն մէջ տեղակայուած բանակը այդ շրջաններէն երբեք պիտի չհեռանայ:
Շարպել ընդգծեց, որ զինեալ ոեւէ կողմի հանդէպ հովանաւորութիւն չկայ` աւելցնելով, որ զէնք բարձրացնող եւ կրակ բացող ոեւէ անձ հաշուի պիտի կանչուի:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաար կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին կատարելու իր պարտականութիւնը` աւելցնելով, որ բանակը այս կամ այն կողմին զօրակցութեան եւ հովանաւորութեան կարիքը չունի` գործելու համար:
Շաբաթ կէսօրին Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ Ժապալ Մըհսենի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր որ ինք լիբանանեան բանակին կը զօրակցի, սակայն եթէ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները սաստկանան եւ շրջանը ուղղուի դէպի անորոշութիւն, ապա որոշ կողմեր պիտի պաղատին, որ սուրիական բանակը հիւսիսային Լիբանան մուտք գործէ:
Իտ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը քաջատեղեակ է հիւսիսի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպերուն պատասխանատուներուն մասին: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան արտօնելու, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուի Ժապալ Մըհսենի մերձակայ շրջաններուն մէջ:
Իտ շեշտեց, որ ալեւի համայնքը իր կարգին պէտք է ներկայացուի Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ զոյգ շրջաններուն միջեւ եւ Թրիփոլիի Սուրիա պողոտային մէջ արձանագրուող զինեալ միջադէպերը յստակ դրդապատճառներ չունին, բացի ապահովական ուժերուն բացակայութենէն: Ան հարց տուաւ, որ լիբանանեան բանակը ինչո՞ւ հեռացած է այդ շրջաններէն:
Ժսըր կոչ ուղղեց վերջ տալու փոխադարձ ամբաստանութիւններուն:
Նախարար Ֆայսալ Քարամէ մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ գտնուող զէնքի քանակին իմաստով եւ կոչ ուղղեց իշխանութեան պետերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` կասեցնելու համար Հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուող այս վտանգաւոր բախումները: Այս ծիրին մէջ ան կոչ ուղղեց վարչապետ Միքաթիին` կառավարութիւնը արտակարգ նիստի հրաւիրելու եւ բոլոր յանցագործները պատժելու: «Եթէ Թրիփոլիի կացութիւնը պայթի եւ հակակշիռէ դուրս ելլէ, ապա ամբողջ հիւսիսը պիտի ազդուի եւ բնականաբար` ամբողջ Լիբանանը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի զինեալներուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` շեշտելով այդ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ անդրադառնալով Թրիփոլիի միջադէպերուն յայտնեց, որ կան որոշ կողմեր, որոնք կը փորձեն Լիբանանը վերածել ահաբեկչութեան օրրանի:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած միջադէպերը Սուրիոյ իրադարձութիւններուն բնական շարունակութիւնը կը նկատուին: Ան յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ այդ տագնապը վերածել համայնքային տագնապի եւ սպառնալ ամբողջ Լիբանանին ու Սուրիոյ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ եթէ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ կարելի չըլլայ առնել, ապա այդ շրջանը անջատման գօտիէ շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ եւ անոր նպատակը պիտի ըլլայ` հարուածել բանակը եւ Լիբանանի մէջ գրգռութիւններ հրահրել:
Նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը վերադարձնելու Թրիփոլի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զինեալ կողմերը հովանաւորելու երեւոյթին վերջ մը դնել: Ան նկատել տուաւ, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները անկարող են երկրին հարցերը լուծելու եւ ոչ թէ բանակին հրամանատարութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները հետեւանք են հրահրումներու` աւելցնելով, որ անոնց նպատակն է ներքին լիբանանեան ճակատներ ստեղծել:
Երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել նկատել տուաւ, որ Թրիփոլիի մէջ արմատական լուծումը միայն ապահովական բնոյթ ունեցող լուծում մը պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ Թրիփոլիի բարգաւաճման լուծում մը:
Նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ Թրիփոլիի բախումները Լիբանանի մէջ բռնկելիք քաղաքացիական նոր պատերազմի մը նախապատրաստութիւններ կը նկատուին:
Նշենք, որ Թրիփոլիի տնտեսական եւ աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին Թրիփոլիի մէջ այսօր գործադուլ եւ սուգի օր յայտարարելու` դատապարտելով նախորդ օրերուն շրջանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներն ու անոնց պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասները:

