Դամասկոսի Հայութիւնը Հրաժեշտ Տուաւ Լեւոն Գույումճեանին

Յուղարկաւորութենէն պահ մը

Դամասկոսի հայութիւնը հինգշաբթի, 31 մայիսին վերջին հրաժեշտ տուաւ սուրիական բանակին մէջ ծառայող Լեւոն Գույումճեանին, որ 29 մայիսին նահատակուած  էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գտնուող Աթարեպ շրջանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Դամասկոսի հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Նշենք, որ 1992-ին Դամասկոսի մէջ ծնած Լեւոն Գույումճեան սուրիական տագնապին ընթացքին արձանագրուած 4-րդ հայ զոհն է: Փետրուարին այլ հայ զինծառայող մը` Վիգէն Հայրապետեան զոհ գացած էր Հալէպի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին, անոր կողքին զոհ գացած էր նաեւ հայ քաղաքացի մը` Արաքսի Պետրոսեան, իսկ Հոմսի մէջ սպաննուած էր Ռաֆֆի Գրաճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES