Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր ընդունած է Իրանի նախագահի յատուկ բանագնաց, ուժանիւթի նախարար Մաճիտ Նամճուն, որ նախագահ Սարգսեանին փոխանցած է Թեհրանի մէջ կայանալիք Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման վեհաժողովին մասնակցութեան Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է նախարար Նամճուի այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծած, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը «յուսալի դրացի եւ լաւ բարեկամ Իրանի հետ»:
Երկուստէք ողջունելով Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ վերջին տարիներուն ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու աճը եւ ընդգծելով զանոնք աւելի մեծցնելու առկայ ներուժը` զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ յատկապէս ուժանիւթի մարզի առանցքային նախագիծերու իրականացումը կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու զգալի աճին:
Իրանի ուժանիւթի նախարարը տեղեկացուցած է, որ շուտով կը սկսին Մեղրիի ջրաելեկտրակայանի եւ Հայաստան-Իրան բարձրավոլթ էլեկտրահաղորդման 3-րդ գիծի շինարարութեան ուղղութեամբ աշխատանքները:
Հանդիպման ժամանակ կողմերը կարեւոր նկատած եւ բարձր գնահատած են հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի գործունէութիւնը, որուն հերթական նիստը նախատեսուած է մօտակայ օրերուն իրականացնել Երեւանի մէջ:

