50 Տարի Առաջ ( 5 յունիս 1962 )

Խաղաղած Պատուանդանը…

Բարեկամ մըն էր. մեկնած էր Հայաստան` ուխտաւոր Ս. Էջմիածնի ու Արարատի… Ողջերթի ուրախ արցունքներով ճամբած էինք զինք ու սպասած այնպէ՛ս, ինչպէս Նոյ սպասեց իր տապանին մէջ: Մեղրի մասին արտայայտուողներ չեն կրնար մեր բերանը քաղցրացնել. կրնար ուրախանալ ունեցողին համար: Հայրենիքէն նամակներ ստացած եմ, բայց առաջին անգամ ըլլալով հեռագիր մը կը ստանայի.

– «Անհրաժեշտ է տեսնել հայրենիքը»: Երեւան:

Հեռագրի ընթերցումէն ետք, կ՛անցնէի իրեն հետ Երեւանի պողոտաներէն, ժողովուրդիս չափ ուրախ: Ծնրադիր խաչակնքեցի Ս. Էջմիածնին ու Արարատին ու հայացած ամէն քարին, Աբովեանի, Թումանեանի ու Չարենցի արձաններու ոգին համբուրեցի, համբուրելէ ետք Սուրբ Վարդանի ու Սասունցի Դաւիթի այլակերպութիւնները: Ու նայեցայ անցորդներուն, մանուկներուն, ծերերուն, պարմաններուն ու երիտասարդներուն, որոնք կը քալէին նոյն ճամբէն, լոյսը` իրենց ճակտին, ու միւռոն: Տարրալուծարանի մէջ կորած մետաղի մը հիւլէները երբ իրար կը գտնեն, կը զօրանան ու կը յատկանշեն իրենց անունը: Ուր մնաց մարդ, ու ես` մեր երկրին ուրախութեամբ զօրացած ու տկարութեամբ տխուր, անցայ մայթերէն, երդիքներէն, այգիներէն ու վանքերէն… «Ո՜հ տայր ինձ զծուխն ծիրանի եւ զառաւօտն նաւասարդի»:

Օրեր անցան ու բարեգալուստի մեր ողջագուրումը տեղի ունեցաւ: Կը պատմէր ամէն ինչէն` ինչ որ հայը կը զգար ու կը տեսնէր հայրենիքին մէջ… Կ՛արժէ ամէն գնով Հայաստանը տեսնել. այս էր մեր եզրակացութիւնը… Ու բերաւ սեղանին` Հայաստանի վերջին լաւագոյն հրատարակութիւնները, երգապնակները, հողը, գինին, արձանիկներ, նկարներ… ու առաջարկեց վերցնելու այն ինչ որ չունիմ ու կ՛ուզէի ունենալ իբրեւ նուէր յիշատակ իր ուխտագնացութենէն:

Իր բերածներէն բոլորն ալ ունէի: Բայց ինչ որ չունէի եւ ուզեցի ունենալ, ինք շատ պզտիկ գտաւ որպէս նուէր: Իմ ուզածը Ստալինի արձանի պատուանդանի նկարն էր, նկարուած Երեւանի մէջ, որուն վրայէն Ստալին բացակայ էր:

Լսած էինք մամուլէն, սակայն լերկ պատուանդանը անբացատրելի հրճուանք մը պատճառեց ինծի: Ու երկար նայեցայ այդ պարապութեան, ուր ժամանակին տեղ գրաւած էր նոր ժամանակներու ամէնէն արիւնարբու բռնակալը… Խաղաղած էր պատուանդանը ու խաղաղութեան գերեզմանաքար եղած այն արձանին, որուն տակ կը հեծէր ու կը փոթորկէր:

Քարերն ալ նուիրականութիւն ունին:

Մանրամասնութիւններ պատմեց` ինչ որ գիտէր ու հիմա ինքն ալ կը զգար, թէ նկարը կը մեծնար, կ՛իմաստաւորուէր եւ կը դառնար արժէքաւոր նուէր մը` իր պատմութեամբ:

Պատուանդանը առանց Ստալինի:

Հայը Երեւանի մէջ այլեւս պիտի չտեսնէր յիշատակը մարդու մը, որուն ծնող մայրն անգամ մարդկութեան դիմաց ամօթ պիտի զգար իր ծնունդին համար:

Երեւան մայրաքաղաքի սրտին, բայց ո՛չ` քաղաքացիի, լայնանիստ ու ամրակառոյց պատուանդանի մը վրայ տասնեակ տարիներով կանգնած էր արձանը խորհրդային պատմութեան տէր ու տիրական կարծուած Ժոզէֆ Ստալինի: Ճարտարապետներ ու մասնագէտներ այնպէս էին կառուցած զայն, որ ժամանակն ու երկրաշարժը իրմէ դժուա՛ր թէ բան մը կարողանային աւերել: Ամէն տունէ ու պատուհանէ ինք կ՛երեւար, ու զինք տեսնողը կ՛իյնար իրմէ եկած մտածումներու գուբի մը մէջ: Բայց թէ կը տիրապետէ՞ր մարդոց: Մարդիկ կը ձեւացնէին, թէ կը խոնարհին` նկատելով, թէ բազէի ներկայութեան ոչ մէկ թռչուն կը համարձակէր ճախրիլ: Կը խօսէին միայն անոնք, որոնք փառաբանանք ու խնկարկումի հազար ու մէկ երգ ու ծափ կը շնորհէին բռնակալին: Իսկ այն երգն ու երգիչը, որ մարդկութեան ձայնին արդար ու ազնիւ խօսքն էր ըսելու, վեր ժամանակի պարտադրութենէն, այդպիսիներ կ՛անհետանային բռնակալի քմահաճոյքով խորապէս մնալով ժողովուրդի սրտի պատուանդանին վրայ: Ու քանիներ կամովին հեռացած էին Հայաստանէն իրենց սրտին քար դրած, չդիմանալով արձանի ներկայութեան:

Առաւօտ մը, հրասայլերու ուժով, մարդկային սրտի ալիքները չուան մը կապած Ստալինի շունչը ներկայացնող խորհրդանիշ արձանին` քաշեցին զայն վար, ինչպէս փտած ակռայ մը ծնօտի մը, որուն ցաւ էր ու տառապանք, մետաղեայ զանգուածը վերջին անգամ հնչեց, խոնարհելով ու երկրպագելով Հայաստանի հողին ու ժողովուրդին, ու իր հրամանով շինուած հրասայլեր զինք ճզմեցին ու տափակցուցին, վերածելով պղնձեայ շերտի մը, եւ ուղարկեցին ձուլարան` օգտագործելու պղինձը ազնիւ գործերու…

Ան ոճրագործն էր անթիւ ու անհամար անմեղներու կորուստին: Լռութիւնը երբեք համակերպութեան նշան չէ:

Շա՞րքը իր յանցանքներուն` զինք դատապարտողները շատ բան գիտեն… Ու այսօր, Խորհրդային Միութեան տարածքին, երբ մարդիկ յաջողեցան ձար բռնակալը վար առնել ուժգին յեղափոխութեամբ ու անթիւ զոհերով` զայն ջնջելու համահաւասար պոռթկում մըն է ջնջելը Ստալին բռնակալը, ըսելով մարդկութեան երեսին.

– Մարդկութիւնը մարդոցմէ մարդկայնութիւն կը պահանջէ:

Հիմա, լայնանիստ պատուանդանը լերկ, համայն աշխարհի հայերը նոյնացուցած է իրենց խաղաղութեան մէջ: Պահ մը անոնք իրարու կը նային` անդրադառնալով, թէ նոյն ժողովուրդն են, նոյն երգն ունին: Իսկ լերկ պատուանդանը կը սպասէ իր տուֆ քարի ու շաղախի երգէն եկող ձայնին… Ի՞նչ հերոսներ ու առաքեալներ կը տողանցեն Արարատեան աշխարհի պատմութենէն, որոնցմէ ամէն մէկը պատուանդանի մը արժանի է: Իսկ արժանաւորագո՛յնը… այդ հերոսներն ու առաքեալները ծնող ու հայացնող Հայ Մայրը իր սրբազան ու իտէալ նկարագրով ինչո՞ւ ձեր պարծանքին, յարգանքին ու հիացումին առարկան չըլլայ, ու կանգնելով Երեւանի սրտին, Երեւանը միշտ հայացնելով` լուռ ըսէ՛ գալիք սերունդներուն ու աշխարհին, որպէս Մայր Հայաստան:

– Կանք ու կը մնանք…

Յ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES