Բժշկագիտական. Ուղեղի Վիրաբուժութիւնը Կրնայ Նպաստել Դեղահատերու Ազդեցութենէն Չօգտուող Լուսնոտութենէ Տառապող Մանուկներուն

Լուսնոտութիւնը (Էփիլեփսի) ուղեղին ջիղերու բջիջներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ելեկտրական կապերուն մէջ յառաջացած խանգարումն է, որուն պատճառով տարբեր տեսակի ու տարողութեամբ ջղային պրկումներ ու ցնցումներ կը յառաջանան մարդոց ուղեղին մէջ: Այսուհանդերձ, երբ ուղեղին տուեալ բաժինի մը ջիղերու բջիջները անբնական կերպով կը գործեն, ապա այդ բաժինին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւս կը խանգարուին եւ ատիկա կ՛արտացոլայ մարդկային մարմնին վրայ:

Ջղային պրկումը կրնայ ժամանակաւոր կերպով շփոթ յառաջացնել լուսնոտներուն մօտ, ինչպէս նաեւ` ոտքերու ու ձեռքերու անհակակշռելի շարժումներ ու ուշակորուսութիւն: Լուսնոտութեան ախտանշանները կախեալ են այդ ջղային պրկումներուն տեսակէն ու տարողութենէն:

Այսպէս, օրինակ, կարգ մը լուսնոտներ գլխապտոյտ կ՛ունենան  եւ կամ զօրաւոր աղմուկ կը լսեն, ինչպէս նաեւ փայլատակող լոյսեր կը տեսնեն: Ոմանց մարմնին անդամները ակամայ կը ցնցուին եւ կամ կը կծկուին, իսկ ոմանք ալ աննպատակ շարժումներ կ՛ընեն, ինչպէս, օրինակ, ձեռքերը իրարու կը շփեն ու կլոր կը դառնան, ինչպէս նաեւ` կլլելու ու ծամելու շարժումներ կ՛ընեն:

Լուսնոտութեան ախտանշաններէն են նաեւ մկաններու պրկումները, մասնաւորաբար` կռնակի, թեւերու ու սրունքներու մկաններուն պրկումները, որոնց պատճառով լուսնոտները գետին կ՛իյնան` առանց անպայմանօրէն ուշակորոյս դառնալու:

Իսկ ամէնէն ծանր ախտանշաններէն է երկարատեւ ուշաթափութիւնը, որուն ընթացքին լուսնոտին ամբողջ մարմինը կը պրկուի ու կը ցնցուի: Յաճախ կը պատահի, որ նման վիճակներու մէջ եղող մարդիկ իրենք իրենց վրայ կը միզեն, ինչպէս նաեւ` լեզուն կը կլլեն:

Կազմալոյծ Կեանք

Լուսնոտութեան պատճառով, ուղեղին մէջ յառաջացած ջղային պրկումները ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան նաեւ մանուկներուն վրայ: Անոնց ծնողները լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն` նկատի ունենալով, որ անոնք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան որեւէ ատեն անհրաժեշտ ձեւով վարուելու եւ կարելի եղած չափով անվնաս պահելու իրենց զաւակները, երբ այս վերջինները յանկարծակիօրէն ջղային պրկումներ կ՛ունենան եւ ուշակորոյս կը դառնան:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ մօտաւորապէս վաթսուն հազար մանուկներ կը տառապին լուսնոտութենէ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր այլ մանուկներ` աշխարհի տարածքին տարբեր երկիրներու  մէջ: Թէեւ անոնց մեծամասնութիւնը որոշ չափով բնականոն կեանք մը կ՛ապրի` լուսնոտութեան ախտանշանները մեղմացնող տարբեր տեսակի դեղահատերու գործածութեամբ, միւս կողմէ, սակայն, մօտաւորապէս անոնց մէկ երրորդին մօտ այդ դեղահատերը որեւէ բարելաւում չեն յառաջացներ այդ ախտանշաններուն մեղմացման մէջ եւ ատիկա պատճառ կը դառնայ անոնց կեանքի կազմալուծման: Անշուշտ նման երեւոյթ մը անպայմանօրէն կ՛ազդէ նաեւ նշեալ մանուկներուն ընտանիքի անդամներուն առօրեային վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնք ստիպուած կ՛ըլլան այնպիսի ձեւով դասաւորելու իրենց ընելիքները, որպէսզի այս վերջինները համընկնին լուսնոտ մանուկին եւ կամ հարազատին պահանջներուն եւ որեւէ նախաձեռնութեան մէջ առաջնահերթութիւնը վերապահեն անոր:

Վիրաբուժութիւնը` Խոստմնալից

Այսուհանդերձ, վերջերս բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, որ եթէ կարելի ըլլայ ճշդել ուղեղին ա՛յն բաժինը, որ պատճառ կը դառնայ լուսնոտ մանուկներուն մօտ ջղային պրկումներու ուշակորուսութեան յառաջացման, ապա այդ բաժինին վիրաբուժութիւնը կրնայ ազդեցիկ դարմանում մը ըլլալ եւ ուշագրաւ կերպով բարելաւել անոնց վիճակն ու յեղաշրջել անոնց կազմալոյծ կեանքը:

Մասնագէտները նշած են, թէ նման վիրաբուժութիւններ արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր տեղի կ՛ունենան Լոնտոնի Կրէյթ Օրմոնտ Սթրիթ կոչուած հիւանդանոցին մէջ, որ ներկայիս Բրիտանիոյ մէջ նման տեսակի վիրաբուժութիւններու կիրարկման գլխաւոր կեդրոնը նկատուած է եւ ցարդ այնտեղ արձանագրուած խոստմնալից արդիւնքները մղած են, որպէսզի յառաջիկայ տարիներուն նման վիրաբուժութիւններ կատարուին նաեւ Բրիտանիոյ այլ հիւանդանոցներուն մէջ:

Վերջերս Լոնտոնի վերոնշեալ հիւանդանոցին մէջ մասնագէտները յաջողած են վիրահատել ութ տարեկան լուսնոտ աղջնակի մը ուղեղին աջ կողմը յայտնուած թերի կերտուածք ունեցող հիւսկէնի կտոր մը:

Այսուհանդերձ, լուսնոտութենէ տառապող Ռէյչըլին առողջական վիճակով զբաղող մասնագէտները տարիներ շարունակ փորձած են տարբեր դեղահատերու միջոցով հակակշիռի տակ պահել անոր յանկարծակիօրէն ուշակորոյս դառնալու երեւոյթն ու մարմնին ունեցած ցնցումները, սակայն այդ դեղահատերը որեւէ ձեւով չեն բարելաւած անոր վիճակը, որ հետզհետէ աւելի բարդացած է եւ հասած է այնպիսի՛ հանգրուանի մը, ուր ան ստիպուած եղած է երկար ատեն բացակայիլ դպրոցէն, պէտք եղած կեդրոնացումով չհետեւիլ դասերուն, ինչպէս նաեւ` որեւէ տեսակի ընկերային ձեռնարկի չմասնակցիլ, ինչ որ մեկուսացուցած է զինք ընկերային կեանքէն եւ ժխտական անդրադարձ ունեցած է իր հոգեկանին վրայ:

Դէպի Դպրոց` Մեծ Աշխուժութեամբ

Անշուշտ Ռէյչըլին այս վիճակը ազդած է նաեւ իր ընտանիքի անդամներուն բնականոն կեանքին վրայ: Այսուհանդերձ, անոր ծնողները փորձած են կարելի եղած չափով առանձին չձգել ու գրեթէ միշտ իրենց հսկողութեան տակ պահել զինք, որպէսզի երբ յանկարծակիօրէն ուշակորոյս դառնայ ան, ապա նուազագոյն տարողութեամբ վնասուի անկէ` նկատի ունենալով, որ յաճախ կը պատահի, որ այդ վիճակին մէջ եղած ատեն իյնայ եւ մարմնին տարբեր մասերը վիրաւորուին` իր շուրջ գտնուած կարծր իրերուն զարնուելով:

Հետեւաբար, երբ մասնագէտները որոշած են վիրաբուժութեան ենթարկել Ռէյչըլը, անոր ծնողները համաձայնած են: Թէեւ մասնագէտները 70-80 առ հարիւր համեմատութեան մէջ սահմանած են վիրաբուժութեան արձանագրելիք յաջողութեան տարողութիւնը, բայց եւ այնպէս նաեւ պարզած են վիրաբուժութեան յառաջացուցած հաւանական վտանգները:

Վիրաբուժութիւնը հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ Ռէյչըլի յանկարծակիօրէն ուշակորոյս դառնալու ու մարմնի ցնցումներ ունենալու յաճախադէպօրէն կրկնուող երեւոյթները ամբողջութեամբ կ՛անհետանան:

Վիրաբուժութենէն մէկ շաբաթ ետք Ռէյչըլ տուն կը վերադառնայ: Մասնագէտները կը նախատեսէին, որ Ռէյչըլ դպրոց կը վերադառնայ երկու ամիս ետք, սակայն անոր վիճակը այնքա՛ն արագօրէն կը բարելաւուի, որ անիկա վիրաբուժութենէն մէկ ամիս ետք արդէն իսկ մեծ աշխուժութեամբ կը վերսկսի դպրոցական առօրեայ աշխատանքներուն:

«Անհատականութեան Պատուաստում»…

Ռէյչըլին կեանքը ամբողջութեամբ կը յեղաշրջուի` շնորհիւ իր առողջական վիճակին կայունութեան: Այսուհանդերձ, անիկա աւելի կեդրոնացած կը հետեւի  դասերուն եւ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգէ: Ռէյչըլ կը սկսի նաեւ հետեւիլ արտադպրոցական աշխատանքներու, օրինակ, ձի կը հեծնէ եւ շաբաթը մէկ անգամ կը լողայ. այլ խօսքով, ան կը սկսի իրագործել այնպիսի՛ ծրագիրներ, զորս նախապէս փափաքած էր ընել, սակայն հիւանդութեան պատճառով չէ կրցած իրականացնել:

Ռէյչըլին հայրը, տեսնելով անոր կեանքին մէջ յառաջացած հսկայ փոփոխութիւնը, ըսած է, թէ իր զաւակը, գլխու վիրաբուժութենէն անդին, ունեցաւ «անհատականութեան պատուաստում»…:

Ռէյչըլին հարազատներն ու բարեկամները անոր մօտ նկատած են ուշագրաւ աշխուժութիւն, ինչպէս նաեւ` անսահման ուրախութիւն ու մեծ եռանդ: «Ռէյչըլին զգացած ճնշուածութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր շարունակ թմրած ու յոգնած վիճակները փոխարինուեցան ուրախութեամբ ու մեծ աշխուժութեամբ», ըսած են անոնք:

Ռէյչըլին ծնողները ըսած են, թէ իրենց զաւակին ապաքինումը անկախ դարձուցած է զայն եւ ամէնէն տարրական բաներուն մէջ իրենցմէ կախեալ չըլլալը մեծ գոհունակութիւն տուած է իրենց:

Տարբեր Տեսակի Ջղային Պրկումներ

Բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Հելեն Քրոս ըսած է, թէ գոյութիւն ունին ուղեղին մէջ յառաջացած ջղային պրկումներու տարբեր տեսակներ: Այսուհանդերձ, լուսնոտութիւնը միայն մէկ տեսակի ջղային պրկում չի յառաջացներ մարդոց ուղեղին մէջ: Ան նշած է, թէ վիրաբուժութիւն կը յանձնարարուի գլխաւորաբար ա՛յն լուսնոտներուն, որոնց մօտ որեւէ բարելաւում չէ յառաջացած, նոյնիսկ երբ նուազագոյնը երկու տեսակի դեղահատեր գործածած են անոնք:

Փրոֆ. Քրոս բացատրած է նաեւ, թէ կարելի կ՛ըլլայ վիրաբուժութիւն կատարել, երբ նշեալ լուսնոտներուն ուղեղին  միայն մէկ փոքր բաժինն է ջղային պրկումներ յառաջացնողը. այլապէս, եթէ տարբեր բաժիններ առնչուած են նշեալ վիճակին յառաջացման հետ, ապա կարելի չէ վիրաբուժութիւն կատարել:

Փրոֆ. Քրոսին կարծիքով, լուսնոտներուն ուղեղին վիրաբուժութիւնը այնքան ալ վտանգաւոր չէ: Թէեւ այնտեղ խնդրոյ առարկան ուղեղն է եւ անոր վիրաբուժութիւնը մեծ բծախնդրութիւն կը պահանջէ, սակայն, ցարդ անկէ ձեռք ձգուած արդիւնքները բաւական  խոստմնալից եղած են:

Փրոֆ. Քրոս նշած է նաեւ, որ եթէ կարելի ըլլայ սկիզբէն գիտնալ, թէ կարգ մը լուսնոտ մանուկներու վիճակը պիտի չբարելաւուի դեղահատերու միջոցով, ապա որքան կանուխ կատարուի վիրաբուժութիւնը, այնքան աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ անիկա:

Լուսնոտ մանուկներուն ուղեղին վիրաբուժութիւնը զգալիօրէն կը բարելաւէ անոնց մտային ու ֆիզիքական կարողութիւնները եւ կը նպաստէ, որպէսզի անոնք չափահաս  դառնան` ամբողջութեամբ թօթափած ըլլալով ջղային պրկումները:

 

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սիշ

Share this Article
CATEGORIES