Բժշկագիտական. Ոսկրածուծին Բջիջները Պաշտպանող Նոր Միջոց Մը Կրնայ Նուազեցնել Քիմիաբուժութեան Յառաջացուցած Վնասներուն Տարողութիւնը
Մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ոսկրածուծին մէջ կազմուող մայր բջիջները պաշտպանող նոր միջոց մը կրնայ զերծ պահել մարդկային մարմինը քիմիաբուժութեան յառաջացուցած վնասներէն:
Ծանօթ է արդէն, որ քիմիաբուժութեան ատեն մարմնին մէջ ներարկուած քիմիական նիւթերը կը փճացնեն արագօրէն բազմապատկուող քաղցկեղի վերածուած բջիջները, սակայն միեւնոյն ատեն անոնք կ՛ազդեն առողջ հիւսկէններուն վրայ, օրինակ` ոսկրածուծին:
Թէեւ մարմնին գրեթէ բոլոր առողջ հիւսկէնները կ՛ազդուին քիմիաբուժութենէն, սակայն մասնագէտները յայտնած են, թէ ոսկրածուծը ամէնէն աւելի հակամէտ եղած է քիմիաբուժութենէն վնասուելու վտանգին:
Ոսկրածուծին մէջ կը կազմուին մարմնին մայր բջիջները, որոնք իրենց կարգին կը վերածուին տարբեր դերակատարութիւն ունեցող բջիջներու, օրինակ` արեան կարմիր ու ճերմակ գնդիկներուն:
Այսուհանդերձ, երբ քիմիաբուժութեան ատեն կը վնասուին ճերմակ գնդիկներու վերածուող մայր բջիջները, ապա ատիկա կը նուազեցնէ արեան ճերմակ գնդիկներուն արտադրութեան տարողութիւնը, ինչ որ կը բարձրացնէ տարբեր հիւանդութիւններէ վարակուելու վտանգին տարողութիւնը` նկատի ունենալով, որ ճերմակ գնդիկները կը կազմեն մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին բաղկացուցիչ բջիջները:
Իսկ երբ կը վնասուին կարմիր գնդիկներու վերածուող մայր բջիջները, ապա կը նուազի արեան կարմիր գնդիկներուն արտադրութեան տարողութիւնը, որ իր կարգին կը յառաջացնէ արեան տկարութիւն, որուն ախտանշաններն են` շունչի նեղութիւնն ու շարունակ յոգնած զգալը:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ նման երեւոյթներ յաճախ պատճառ կը դառնան քիմիաբուժութեան միջոցով տրուած դարմանումին ամբողջութեամբ կասեցման եւ կամ յետաձգման, ինչպէս նաեւ` անոր տարողութեան նուազեցման:
Առողջ Բջիջները Պաշտպանող
Ժահրերը
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են ուղեղի քաղցկեղէ տառապող երեք հոգի եւ փորձած են պաշտպանել անոնց ոսկրածուծը: Այսուհանդերձ, մասնագէտները նշեալ հիւանդներուն ոսկրածուծէն վերցուցած են նմուշներ եւ անոնցմէ անջատած են արեան գնդիկները արտադրող մայր բջիջները: Ապա անոնք նշեալ բջիջներուն մէջ ներարկած են այնպիսի՛ անվնաս ժահր մը, որուն ծիներուն մէջ նախապէս տեղադրուած է յատուկ ծին մը, որ պաշտպանած է մայր բջիջները քիմիաբուժութեան ընթացքին մարմնին մէջ ներարկուած տարբեր տեսակի քիմիական նիւթերուն ազդեցութենէն:
Նշեալ բջիջները այդ յատուկ ծինը կրող ժահրով վարակուելէն ետք վերստին ներարկուած են ուղեղի քաղցկեղէ տառապող մարդոց ոսկորին մէջ: Անշուշտ իւրաքանչիւրին մարմնին մէջ ներարկուած են իրեն պատկանող մայր բջիջները:
Նման միջոց մը նպաստած է ոսկրածուծին մայր բջիջները պաշտպանելու քիմիաբուժութեան յառաջացուցած վնասներէն եւ, այդպիսով, քիմիաբուժութեան հակամէտ դառնալու միայն քաղցկեղի վերածուած բջիջները:
Մասնագէտները գտած են, թէ պաշտպանուած առողջ բջիջներ ունեցող հիւանդները կրցած են շատ աւելի լաւ ձեւով տոկալ քիմիաբուժութեան, քան` այդ յատուկ ծինը կրող ժահրով չվարակուած հիւանդները, որոնք նախապէս կատարուած փորձարկումներու մէջ ստացած են միեւնոյն պարունակութիւնը ունեցող քիմիաբուժութիւնը:
Քիմիաբուժութիւնը Առաւելագոյն Չափով
Օգտագործելի Դարձնող Նոր Միջոցը
Նաեւ կարելի եղած է անհրաժեշտ տարողութեամբ ու ճշդուած ժամանակացուցակով ամբողջացնել պաշտպանուած առողջ բջիջներ ունեցող հիւանդներուն տրուած քիմիաբուժութիւնը, սակայն կարելի չէ եղած նման ճշդապահութեամբ քիմիաբուժութիւն կատարել մնացեալ հիւանդներուն պարագային` նկատի ունենալով, որ քիմիաբուժութեան պատճառով ծանր բարդութիւններ յառաջացած են անոնց մօտ եւ անոնց առողջական վիճակով զբաղող մասնագէտները ստիպուած եղած են նուազեցնել քիմիաբուժութեան ատեն անոնց մարմնին մէջ ներարկուած նիւթերուն տարողութիւնը եւ կամ որոշ ատեն մը կասեցնել քիմիաբուժութիւնը, մինչեւ որ անոնք ի վիճակի ըլլան շարունակելու դարմանումը:
Բրիտանացի քաղցկեղի մասնագէտ փրոֆ. Սուզըն Շորթ հետաքրքրական գտած է քաղցկեղի դարմանում ստացած ատեն հիւանդներուն առողջ բջիջները պաշտպանող նոր մօտեցումը:
Թէեւ ան բաւական խոստմնալից գտած է վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները, բայց եւ այնպէս ան անհրաժեշտ նկատած է նշեալ ծիրին մէջ կատարել յաւելեալ փորձարկումներ եւ անոնց մէջ ներառել տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող մարդիկ` նախքան այդ արդիւնքները վաւերական դարձնելը:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգտատործուած աղբիւր՝ Պի. Պի. Սի.

