Եգիպտոսի Քաղաքական Երգիծանքը «Պեռնամակ» Կը Զուարճացնէ Միլիոնաւորներ
ԵՈՒՍԵՖ ԹԱՀԱ
«Պի. Պի. Սի.»
Եգիպտոսի երգիծական առաջին պատկերասփիւռային հաղորդումը սկսաւ իբրեւ ոչ արհեստավարժ տեսերիզի սփռում մը` վիրաբուժի մը Գահիրէի բնակարանէն, Թահրիր հրապարակի բախումներէն ետք:
«Եգիպտոսի մէջ առաջին անգամ մենք չենք գիտեր, թէ ո՛վ է յաջորդ նախագահը», կ՛ըսէ տոքթ. Պասսամ Եուսեֆ:
Եգիպտացիները մասնակցեցան իրենց երկրին մէջ նախագահական առաջին ազատ ընտրութեան` հանրութեան բոլոր շերտերէն եկած թեկնածուներու առաջադրումով: Երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յունիսին (ոչ մէկ թեկնածու ստացած է քուէներու անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը):
Սրտի վիրաբուժը նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը տապալած, անցեալ տարուան Թահրիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ժողովրդային ապստամբութեան ընթացքին վիրաւորուած շարք մը ցուցարարներ բուժած է:
Ան կ՛ըսէ, որ եթէ 15 ամիս առաջ իրեն մէկը ըսած ըլլար, որ ինք իր սեփական պատկերասփիւռային հաղորդումը պիտի ունենար, ինք բնաւ պիտի չհաւատար անոնց: Պասսամ Եուսեֆ պիտի հետեւէր նոր դասընթացքի:
Բայց դիտելէ ետք ապահովական ուժերուն հետ ցուցարարներու բախումներուն մասին պատկերասփիւռի հաղորդումները եւ տեսնելէ ետք, թէ պետական լրատու միջոցները ինչպէ՛ս ճշմարտացիօրէն չեն հաղորդեր յեղափոխութեան ընթացքին պատահող միջադէպերը, տոքթ. Եուսեֆ ներշնչուած, ոգեշնչուած է` սկսելու իր սեփական հաղորդումը:
«Շատ անպարկեշտ, շատ սեռային կամ ընկերային առումով ցնցող բանը հիմնականին մէջ բացառուած է. եթէ իմ մայրս չի կրնար դիտել, չեմ ըներ»:
ՏՈՔԹ. ՊԱՍՍԱՄ ԵՈՒՍԵՖ
Ատիկա սկսաւ իր բնակարանին մէկ սենեակին մէջ պատրաստուած տեսերիզներով, եւ իր ետին պատին վրայ` Թահրիր հրապարակի 100 տոլարնոց քոլաժով: Տոքթ. Եուսեֆ կ՛ակնկալէր եու-թիուպի մէջ քանի մը հազար հետաքրքրուողներ:
Բայց հանրային դէմքերու իր սրամիտ պարսաւը, երգիծանքը քանի մը օրուան մէջ, առաջին հաղորդումին համար գրաւեց 3 միլիոն ակնդիրներու ուշադրութիւնը, եւ 75 միլիոն` առաջին եղանակի աւարտին:
Տարի մը ետք, առաջին եղանակը իր հաղորդումին` շոուին, որ կը կոչուի «Պեռնամակ», շաբաթական երեք անգամ պատկերասփռուեցաւ եգիպտական արբանեակային անկախ կայաններէն մէկուն կողմէ` տոքթ. Եուսեֆը դարձնելով հանրածանօթ անձ մը: Ան այժմ կ՛աշխատի երկրորդ եղանակին վրայ:
Տոքթ. Եուսեֆ, որ իր առջինեկը նոր ունեցաւ, կ՛օգտագործէ իր նոր նուաճած համբաւը, ուր որ մեկնի, հարաւային Եգիպտոսի Պենի Սուէֆի մէջ սրտաբուժութեան կեդրոնին համար դրամ հանգանակելու, ինչպէս նաեւ` աջակցելու վիրաբուժութիւն ուսանիլ փափաքողներուն:
«Մենք շատ բան կը պարտինք Եգիպտոսի յեղափոխութեան եւ ժողովուրդին, որ գերագոյն զոհողութիւնը ըրաւ, որպէսզի ասիկա պատահի», ըսաւ սրտաբանը:
«Պեռնամակ»-ը իր տեսակին մէջ Եգիպտոսի պատկերասփիւռային առաջին քաղաքական երգիծական շոուն է: Տոքթ. Եուսեֆ կ՛ըսէ, թէ ժողովուրդը տարբեր տեսակի լրատու միջոց մը կ՛ուզէ տեսնել:
«Մենք կը փորձէինք նորարար ըլլալ: Մենք փորձեցինք խելացի եւ զուարճալի ըլլալ, նոյն ատեն մենք պատգամ մը ունէինք», կը բացատրէ ան:
«Վայելուչ, շնորհքով յայտագիր էր: Այնպէս որ, ամէն ոք կրնար դիտել ատիկա: Սրամիտ էր, զուարճախօս, ուրեմն ամէն մարդ կրնար առնչուիլ, կապուիլ ատոր», աւելցուց ան:
Առանց Խմբագրական Հսկողութեան
Արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական երգիծանքի պատկերասփիւռային հաղորդումներու փորձեր եղած են, մասնաւորաբար` Քուէյթի մէջ, բայց անոնք պէտք է շատ զգուշ, ուշադիր վարուէին, որպէսզի քաղաքական հզօր գործիչները կամ խեղդող գրաքննութիւնը չգրգռեն:
«Հիմնականին մէջ, եթէ իմ մայրս չի կրնար դիտել այդ յայտագիրը, ուրեմն ես ատիկա չեմ պատրաստեր», ըսաւ Ճոն Սթիուըրթէն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր «Տէյլի Շօ»-էն ներշնչուած մարդը:
«Այնպէս ալ, շատ անպարկեշտ, շատ սեռային, կամ ընկերային առումով ցնցող յայտագիրը բացառուած է», աւելցուց 38-ամեայ բժիշկը:
Ան շեշտեց, որ կրօնը պիտի չծաղրէ, զուարճանքի նիւթ պիտի չընէ, եւ թէ` ինք միայն պիտի քննադատէ այն մարդիկը, որոնք կրօնը կ՛օգտագործեն որոշ նպատակի մը համար: Իսկ քաղաքականութի՞ւնը: «Եթէ բան մը շատ ծայրայեղ է, դուք կը փորձէք ատոր շուրջը պարել», ըսաւ ան:
Արբանեակային այդ ալիքին ղեկավարներն ու սեփականատէրերը «Պեռնամակ»-ին վրայ խմբագրական հսկողութիւն չունին, մանաւանդ որ անոնք յայտագիրը կը դիտեն պատկերասփռուելէ միայն կէս ժամ առաջ:
Արաբական գարունը Թունուզի եւ Մարոքի մէջ իշխանութեան ղեկին բերաւ իսլամականները, որոնք տասնամեակներ աքսորուած, ճնշուած էին: Եգիպտոսի մէջ անոնք մեծամասնութիւն են խորհրդարանին մէջ, եւ նախագահի թեկնածուներու շարքին իսլամականներ կան:
Շատեր, յատկապէս` Արեւմուտքի մէջ, քաղաքական իսլամականութեան տարածումով մտահոգ են: Բայց տոքթ. Եուսեֆ կ՛ըսէ, թէ ատիկա զինք չի վախցներ: «Եթէ մենք ժողովրդավարութեան կոչ կ՛ուղղենք, ուրեմն պէտք է ընդունինք ազատ եւ արդար ընտրութիւններու արդիւնքը»:
Մարդիկ չեն կրնար յաւիտեանս բարգաւաճիլ, ուռճանալ կրօնական կարգախօսներով եւ ընտրուած քաղաքական գործիչները (իսլամական կամ ոչ) պէտք է գործեն, մատուցեն, կամ ալ յաջորդ անգամ չեն ընտրուիր:
Բայց ան կ՛ըսէ. «Ի՛նչ ալ պատահի, մենք չենք կրնար արտօնել, որ մեր քուէն կրկին խլեն»:
Մինչ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական կացութիւնը անկայուն կը մնայ, տոքթ. Եուսեֆ ամբողջովին դէմ է քաղաքական ասպարէզ մտնելու, որովհետեւ ինք աւելի պէտք է հաղորդամիջոցներու մէջ ըլլայ` երգիծելու համար քաղաքական գործիչները:
«Մենք չենք գիտեր, թէ վաղը յանկարծ ի՛նչ պիտի պատահի», աւելցուց ան: Անոր անմիջական, մօտիկ ապագան, սակայն, կը ներառէ այցելութիւն մը իր կուռքին` Ճոն Սթիուըրթի, Նիւ Եորքի մէջ, յունիսին:



