Ստրուկներ` Իրաքի Մէջ Սեփական Բանակներուն. Աժան Մարդուժ` Ուկանտայէն. Ա. Մաս
ԱԼԵՆ ՎԻՔԻ
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»
Ապահովութեան սեփական ընկերութիւններ շահաբեր պայմանագրեր ձեռք բերին` հայթայթելու համար աջակցող անձնակազմ եւ ապահովական պահակներ, պաշտպանելու համար Իրաք գտնուող Միացեալ Նահանգներու ուժերը: Անոնք զինուորագրեցին ուկանտացիներ եւ զանոնք մղեցին առաւելագոյն աշխատանքի` ցած աշխատավարձով եւ առանց անհրաժեշտ յատկացումներու:
«Ես անմիջապէս անդրադարձայ, որ կեանքիս յոռեգոյն սխալը ըրած եմ: Բայց շատ ուշ էր: Ես տարուան մը համար ստորագրած էի: Տղամարդու նման պէտք էր ընդունէի», ըսաւ Պեռնար` երիտասարդ ուկանտացի մը, որ աշխատած է Իրաքի մէջ գործող ամերիկեան ռազմական սեփական ընկերութեան (ՌՍԸ) մը համար: Ան մաս կը կազմէր «անտեսանելի բանակին», որուն զինուորագրուած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ, աջակցելու համար անոր պատերազմի ջանքերուն: Պեռնար անցեալ տարի Ուկանտա վերադարձաւ: Ան հիւանդ է, բայց անոր զլացուած է բարօրութիւն եւ առողջապահութեան նպաստներ, որոնք խոստացուած են անոր ստորագրուած պայմանագիրին մէջ:
Սպիտակամորթ զինուորագրուածները (Միացեալ Նահանգներէն, Իսրայէլէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն եւ Սերպիայէն), վարձուած` ՌՍԸ-ի կողմէ, որ Փենթակոնի հետ պայմանագրութիւններ կնքած է (120 միլիառ տոլար 2003-էն), ստացած են լաւ վարձատրութիւն, յաճախ` աւելի քան 10 հազար տոլար ամսական: «Երրորդ երկրի քաղաքայինները» (ԵԵՔ), Պեռնարի նման, վատ վերաբերումի արժանացած են եւ իրենց աշխատաւորի իրաւունքները չարաչար օգտագործուած, ոտնակոխուած են: Ոմանք տուն վերադարձուած են վիրաւորուելէ ետք` առանց իրենց նախկին գործատէրերէն օժանդակութիւն, օգնութիւն ստանալու:
2008 թուականի յունիսին, երբ Միացեալ Նահանգներ սկսան իրենց ուժերու նահանջը Իրաքէն, 70,167 ԵԵՔ-եր կային 153,300 ամերիկացի զինուորներու կողքին: 2010-ի վերջաւորութեան տակաւին 40,776 ԵԵՔ-եր կային 47,305 զինուորներու կողքին:
ԵԵՔ-երը (այրեր եւ կիներ) զինուորագրուած են հարաւային երկիրներէ` աշխատելու համար Իրաքի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու 25 խարիսխներուն եւ Ազատութեան ճամբարին մէջ, որ Պաղտատի մօտ կառուցուած «ամերիկեան փոքր քաղաք» մըն է աւելի քան 100 հազար բնակչութեամբ: Անոնք կազմած են մինչեւ 59 առ հարիւրը աշխատուժի «հիմնական կարիքներուն», ուտելիքի պատրաստութեան, մաքրութեան, ելեկտրական եւ շինարարական նորոգութիւններու նոյնիսկ կին զինուորականներուն համար գեղեցկագիտական սպասարկութիւններ մատուցանելով:
Ոմանք` մասնաւորաբար ափրիկեցի զինուորագրուածները նշանակուած, սահմանուած են ապահովական պարտականութիւններու զուգակցելով կանոնաւոր ուժերու. 15 առ հարիւրը ապահովութեան ուժերու կայուն անձնակազմին (որ կը պաշտպանէ խարիսխներու մուտքերը եւ շրջապատերը) սահարացիներ են, որոնք Փենթակոնի հաշուոյն վարձուած են ՌՍԸ-երու կողմէ: Աժան արժող այս պահակներու շարքին ուկանտացիները մեծամասնութիւն էին, թերեւս` 20 հազար: Անոնք երբեմն օգտագործուած են, որպէսզի գիծի, աշխատանքի վրայ պահեն իրենց պաշտօնակիցները. 2010-ի մայիսին անոնք ճզմեցին Հնդկաստանէն զինուորագրուած 1000 ԵԵՔ-երու ըմբոստութիւնը Ազատութեան ճամբարին մէջ:
Ուկանտացիներու թիւի բարձր համեմատութեան պատճառը 2000-ական թուականներու սկիզբը կեդրոնական Ափրիկէի մէջ քաղաքական կացութիւնն էր: Արեւմտեան Ուկանտայի մէջ Մեծ լիճերու շրջանի պատերազմը պաշտօնապէս աւարտած էր: Հիւսիսային Ուկանտայի մէջ «Տիրոջ դիմադրութեան բանակ»-ին ըմբոստները հակակշիռի, վերահսկողութեան տակ առնուած էին: Դրացի Սուտանի մէջ քաղաքացիական պատերազմը դադրած էր` ճամբան բանալով հարաւի անկախութեան:
Աւելի քան 60 հազար ուկանտացի զինեալներ զինաթափուեցան. Իրաք հնարաւորութեան մը նման էր: Ուկանտայի կառավարութիւնը Ափրիկէի մէջ կարեւոր, բանալի դաշնակից մը Միացեալ Նահանգներու, քիչերէն մէկն էր Պուշի վարչակազմին զօրակցող, երբ 2003-ին Իրաքի պատերազմը սկսաւ: Միացեալ Նահանգներու եւ Ուկանտայի զինեալ ուժերը 1980-ականներու կէսերէն համագործակցեցան: Ուկանտացի լրագրող եւ պլոկըր Անճելօ Իզազա ինծի ըսաւ, որ 2005-ին Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունեցան յաւելեալ կիսառազմականացած անվտանգութան («Անոնք կը փնտռէին յուսալի, վստահելի աշխատողներ` անգլիախօս երկիրներէ. վեթերա՛ն աշխատողներ»), եւ դիմեցին Ուկանտայի:
Վեթերանները Կրնան Փորձանք Ըլլալ
Նորպեթ Մաօ` 2011-ի նախագահական ընտրութեան մէջ ձախողած թեկնածու մը Ուկանտայի Ժողովրդավարական կուսակցութենէն կը կարծէր, թէ այլ դրդապատճառ կար ուկանտացիներ Իրաք ղրկելու մէջ. «Երբ վեթերանները… անգործ-անհոգ են, անոնք կրնան խնդիրներու աղբիւր ըլլալ: Հետեւաբար Իրաքը միջոց մըն էր անգործ վեթերանները արտածելու: Կառավարութեան համար ասիկա մաքրագործումի, ջնջելու միջոց մըն էր»: Միացեալ Նահանգներու նախկին զինուորականներու կողմէ հիմնադրուած ընկերութիւններ միացան ուկանտացի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան նախկին զինուորականներու հիմնած ընկերութիւններուն:
Քելլեն Քայոնկա, Քենին` Ուկանտայի մէջ յայտնի ապահովական ընկերութեան մը տնօրէններէն զօրավար Սալիմ Սալեհի (կրտսեր եղբայրը` նախագահ Եովերի Մուսեւենիի), հիմնած է Ասքար ապահովական սպասարկութիւնները: Մինչեւ 2005 Ասքար զինուորագրած է աշխատաւորներ, յանուն` Յատուկ գործողութիւններու խորհրդատուութեան (ԺԳԽ), Նեւատա տեղակայուած ընկերութիւն մը, որ հիմնուած է ամերիկացի երկու նախկին պաշտօնատարներու կողմէ: Ասքարի հիմնական մրցակիցը Ուկանտայի մէջ Փաքիստանի Տրեշնակ միջազգային ընկերութիւնն է, որ նոյն տարին Քամփալայի մէջ մասնաճիւղ բացաւ եւ սկսաւ աշխատիլ Միացեալ Նահանգներ տեղակայուած եւ Իրաքի մէջ գործող ՌՍԸ-ի համար: 2006-էն ի վեր տասնեակ մը այլ «հակամարտութեան գործարարներ» Ուկանտայի մէջ ընկերութիւններ եւ մասնաճիւղեր հիմնած են:
Քամփալայի աւելի աղքատ շրջաններու մէջ Իրաք նկատուած է իբրեւ նոր սահմանագլուխ` քիէյօներու (գաղթող աշխատաւորներու) համար:
Նախկին մարտնչող մը, որ ստորագրած է այս ընկերութիւններուն հետ, կրնայ ստանալ ամսական մինչեւ 1300 տոլար, որ Քամփալայի մէջ ծաղկող ապահովական եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան մարզի միջին աշխատավարձէն շատ աւելի բարձր է:
2007-ին աւելի քան 3000 ուկանտացիներ տեղակայուեցան Իրաքի մէջ: 2008-ին անոնց թիւը հասաւ 10 հազարի: Մեծ մասը կ՛աշխատէր ամերիկեան ՌՍԸ-երու համար:
«Ապա ատիկա այլասերեցաւ եւ վերածուեցաւ սակի, գինի պատերազմի: Վճարումը սկսաւ նուազիլ: Ատիկա չկարգաւորուած մարզ մըն էր այստեղ, ուրեմն եթէ դուք քաղաքական կապեր ունէիք, կրնայիք մկանային ուժով այսպիսի գործարքի մը մէջ մտնել: Բայց հիմնական պատճառը սակերու նուազումին այն էր, որ զինուորագրումը այլեւս միայն վեթերանները թիրախ չէր դարձներ: Ոեւէ մէկը կրնայ Իրաք մեկնիլ», ըսաւ Իզամա:
Վճարումի սեղմումի, նուազումի այլ պատրուակ մըն էր Քենիայէն եւ Սիէրրա Լէոնէէն աշխատաւորներու զինուորագրումը: Ուկանտայի աշխատանքի նախարարութիւնը չկրցաւ միջամտել: 2009-ին միջին աշխատավարձը 700 տոլարէն նուազ եղաւ: Նոյն ատեն «Սապր» ընկերութիւնը իւրաքանչիւր ուկանտացիի զինուորագրութեան համար Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն 1700 տոլար կը ստանար: Ասքարի վճարուած է 420 հազար տոլար, այլ ՌՍԸ-ի` Պէօվուլֆ միջազգային ընկերութեան համար Իրաք 264 պահակներ ղրկելու համար:
Ուկանտայի մամուլը 2008-ին բացայայտեց քիէյօներու շահագործման առաջին պարագաները, բայց կառավարութիւնը միայն ամրապնդեց աւելի հզօր (եւ նախագահ Մուսեւենիի ամէնէն մօտ) ընկերութիւններուն դիրքերը` սահմանափակ մաքրագործումի գործողութիւններով:
«Իրաք մեկնիլը կը նմանի խեղդուող մարդուն կոկորդիլոսի մը փաթթուելուն: Ան կը կարծէ, թէ ատիկա զինք պիտի փրկէ խեղդուելէ», ըսաւ Մաօ:
2011-ի աշնան Իրաքի մէջ քիէյօյի մը ամսական աշխատավարձը նուազեցաւ մինչեւ 400 տոլարի` օրական 12 ժամ եւ շաբաթական 6-օրեայ աշխատանքի համար: Բոլոր այրերն ու կիները, որոնց ես հանդիպեցայ, Իրաք ղրկուած էին 2009-ի ընթացքին, կամ դեկտեմբերէն ետք: Մեծամասնութիւնը բնիկ գիւղացի էր եւ նախապէս աշխատած էր Քամփալայի մէջ ապահովական ընկերութիւններու համար: Երկու անձեր ուսանած էին Մաքերիր համալսարանին մէջ:
Անոնք դժուարացան խօսելու իրենց փորձառութեան մասին եւ անոնց վկայութիւնները ընդհատուեցան երկար, շփոթեցնող լռութիւններով:
Ճամբորդութեան Մեկնարկը
Անոնց պատմութիւնը սկսաւ կեդրոնական Քամփալայի Տրեշաքի ուկանտական մասնաճիւղին մէջ: Երկու ամիս անոնք զինուորական վարժանքներու ենթարկուեցան` փորձարկելու համար ընդունակութիւնները: Այս ժամանակամիջոցին անոնք աշխատավարձ չստացան: Ընկերութիւնը միայն սնունդ տրամադրեց: Մարզումի վերջաւորութեան Տրեշաք անոնցմէ խնդրեց տուն մեկնիլ եւ սպասել վերստին կանչուելու: Ոմանք երեք ամիս սպասեցին: Այն օրը, երբ ի վերջոյ կանչուեցան, չվերադառնալու կէտն էր: Նախկին զօրակոչուած մը ըսաւ.
«Մենք այլընտրանք չունէինք: Ամբողջ ընթացքին մենք կը սպասէինք, մենք կը ծախսէինք` առանց շահելու: Մեզմէ ոմանք նոյնիսկ ծախած էին մեր բոլոր գոյքերը, բացի աթոռներէն: Մենք ստորագրելէ բացի` այլընտրանք չունէինք: Այս պայմաններուն մէջ անոնք կրնային մեզի պարտադրել ամէն ինչ ընդունիլ: Մեզի ցոյց տրուած պայմանագրերը 11 էջերէ կը բաղկանային, եւ մենք միայն 15 վայրկեան ունէինք կարդալու եւ ստորագրելու իւրաքանչիւր էջ»:
Այդ օրը զինուորագրուածները նաեւ կը յայտնաբերէին իրենց վերջնական գործատիրոջ անունը. ՍՕՔ: Պեռնար կը յիշէ, թէ տատամսած, վարանած է ստորագրելէ առաջ: Ան կ՛ըսէ.
«Ես կ՛աշխատէի ընկերութեան մը համացանցի բաժանմունքին մէջ, եւ երբ ես տեսայ ՍՕՔ-ի առաջարկած վճարումը, ես իսկապէս մտածեցի, որ արդեօ՞ք կ՛արժէր: Ատիկա միայն ամսական 117 տոլար աւելի էր»:
Ընկերներուն պնդումին վրայ եւ «ամերիկացի գործավարի մը» շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէ ետք, Պեռնար վերջապէս որոշեց մեկնիլ: Երկու օրուան եւ 7 ժամուան օդանաւային ճամբորդութենէ ետք, ան ժամանեց Պաղտատ:
Պաղտատէն 45 վայրկեան ուղղաթիռով, «Ասատ» օդանաւային խարիսխը` Իրաքի կեդրոնը կտոր մը Ամերիկա էր: ՍՕՔ-ի միաւորի քիէյօները, որոնք կը միանային, բաղկացած էին շուրջ ութ հարիւր ուկանտացիներէ` հրամանատարութեամբ քանի մը ուկանտացի նախկին կռուողներու, որոնք իրենց հրահանգները կը ստանային ամերիկացի վերադասներէ: Ամիս մը եւս մարզուելէ ետք, անվճար, նոր զինուորագրեալները կը յայտնաբերէին Իրաքի փոշիի փոթորիկները եւ սառուցեալ ձմեռնային գիշերները: Անոնք քանի մը ամիս պիտի սպասէին ՍՕՔ-ի խոստացած սարքերուն: Ձեռնոցները, որոնց կարիքը ունէին ցուրտ գիշերներուն համար, միայն ձմրան վերջաւորութեան հասան: Ոմանք ստիպուած եղան գնելու իրենց սեփական փոշիի դիմակը, խարիսխի վաճառատունէն, իրենց աղքատիկ աշխատավարձէն 25 տոլար վճարելով: Նոյնիսկ ռազմական գործիքները, զորս իրենց կը տրուէին` «Քալաշնիքով» գնդացիր, փամփշտակալ, սաղաւարտ, փամփշտարգել բաճկոն, բոլորն ալ գործածուած էին (քիէյօները կը կատակէին, որ ատոնք չինական են): Անոնք առաւել ծանր բեռներ կը շալկէին, բայց նուազ պաշտպանուած էին, քան կանոնաւոր զինուորները` արձակազէններէն, որոնք կրնային թիրախին հարուածել քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութենէն: Անոնց պարտականութիւններուն մաս կը կազմէր ամէն օր խարիսխ մտնող 500 ինքնաշարժներու ստուգումը:
(Շարունակութիւնը վաղը` չորեքշաբթի)

